Թուրքիոյ նպատակը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումն է, յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։
«Յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ժամանակ քննարկուած են գործընթացն ու նպատակները։ Նպատակը՝ լիակատար բնականոնացումն է։ Հայաստանը նոյնպէս շատ գոհ է անկէ։ Յատուկ ներկայացուցիչները կ'ուսումնասիրեն, թէ ինչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել։ Աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ, կը քննարկուին վստահութեան ամրապնդման քայլերը», ըսած է Չաւուշօղլուն։