image

«Մեր նպատակն է Սփիւռքը կամրջել Մայր Հայաստանին». Տիգրան Միհրանեան

 «Մեր նպատակն է Սփիւռքը կամրջել  Մայր Հայաստանին». Տիգրան Միհրանեան

Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք, որ դժբախտ աւարտ մը ունեցաւ, մեր վիճակը նման է կարծես անոր, որ քննութեան պիտի ներկայանար, բայց լաւ պատրաստուած չէր: Հայաստանի անկախութեան յաջորդող երեսուն տարիներուն ընթացքին մեր աշխատանքը ձախող դուրս եկաւ եւ հասանք ուր որ հասանք: Հետեւաբար, կարիքը կայ ազգովին նոր մօտեցումներ որդեգրելու, նոր ռազմավարութիւններ մշակելու: Այս ծրագիրը կը միտի գործնականապէս իրար կապել սփիւռքի մէջ ապրող հայերը՝ միասնաբար աշխատելով հասնելու մեր նպատակին, որն է Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը, անվտանգութիւնը, եւ սփիւռքի գործնական օժանդակութիւնը Հայաստանին։

 «Արեւելք»ի զրուցակիցն է  օրերս Հայաստանի մէջ  տեղի ունեցած «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրի մասնակից, Լիբանանի ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի  անդամներէն ՝ Տիգրան Միհրանեան

Սփիւռքը պիտի ունենայ 20 դեսպան 16 երկիրներու մէջ՝ Ռուսաստանէն մինչեւ Արժանթին, Լիբանանէն մինչեւ Գանատա, Վրաստանէն մինչեւ Պելճիքա: 

«Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին մեկնարկը տրուեցաւ Կիրակի, 26 Սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի մէջ Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ: Ծրագիրը պիտի աշխուժացնէ Սփիւռքի երիտասարդութիւնը ու նոր ձեւաչափով պիտի կապէ հայրենիքի կեանքին:

 Այս առթիւ «Արեւելք» կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ «Սփիւռքի երիտասարդ դեսպան» ծրագրին Լիբանանի դեսպան հանդիսացող՝ Տիգրան Միհրանեանի հետ:

 

 Ինչպէ՞ս տեղեկացաք այս ծրագրին մասին եւ ինչը՞ ձեզ մղեց մսանակցելու:

Ես, նախապէս մասնակցած ըլլալով Հայաստան-Սփիւռք երկու համաժողովներուն, Սփիւռքի Գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մօտ արձանագրուած էր իմ ե-նամակի հասցէս, հետեւաբար ես միշտ կը ստանամ յանձնակատարի գրասենեակին ծաւալած գործունէութիւններուն ու կազմակերպուած ծրագերուն մասին զեկուցուող տեղեկագիրներն ու ծանուցումները:

Երեք ամիս առաջ ստացայ այս ծրագրին մասին նամակը, բայց վստահ չէի որ պիտի կարենամ մասնակցիլ։ Նախ պէտք է աշխատավայրիս մէջ գործս դասաւորէի, ինչպէս նաեւ կար աշխատանքէն բացակայելու խնդիրը, հաշուի առնելով, որ Լիբանան կ՚ապրի տնտեսական  դժուարին վիճակ մը։ 

 Մօտ մէկ ամիս առաջ, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի տիկին Անի Եփրեմեանը զանգեց եւ առաջարկեց ինծի մասնակցիլ ծրագրին՝ ներկայացնել Լիբանանի գաղութը եւ դառնալ լիբանանահայ գաղութի երիտասարդ դեսպանը: 

Ի վերջոյ, վերջնականապէս որոշեցի մասնակցիլ՝ գիտակցելով ծրագրին կարեւորութիւնը:

 

Հակիրճ ձեւով եթէ ներկայացնես ծրագրին բնոյթը եւ կատարուելիք աշխատանքը:

Ծրագիրը կ'ընդգրկէ դասախօսական դասընթացքներ մասնագէտներու հետ, հանդիպումներ պետական այրերու հետ, հանդիպումներ հայրեդարձներու հետ, որոնք այսօր իրենց մարզերէն ներս բազմատեսակ յաջողութիւններ արձանագրած են: Ծրագիրը նաեւ կը ներառէ երիտասարդական ֆորում, որու ճամբով կարելի պիտի ըլլայ նոր ձեւի ծրագիր մշակել եւ ամբողջ սփիւռքի կառոյցները իրար հետ գործնական համագործակցութիւն ստեղծել։

 Անշուշտ բոլոր աշխատանքներուն հիմնական կեդրոնը եւ ուղին Մայր հայրենիքն են։ Այս բոլորին գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանայ մեր գաղութներէն ներս քաջալերել հայրենադարձութիւնը, որովհետեւ հայրենիքը պէտք ունի բազմատեսակ ձիրքերու, իրենց ոլորտներուն մէջ յաջողած երիտասարդներու, որոնք իրենց ներդրումը պիտի  ունենան  հարենիքի մէջ: Մենք որպէս երիտասարդ դեսպաններ, այդ կամուրջը պիտի հանդիսանանք հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, եւ որդեգրենք հայրենի պետութեան ռազմավարութիւնը, որպէսզի բոլորս միասին նոյն ուղիով քալենք, միասնական ճանապարհով յաղթահարենք բոլոր մարտահրաւէրները, եւ մեր ազգը գրաւէ իր արժանավայել դիրքը: 

Ուստի, ես այժմ կը դառնամ Լիբանանի մէջ երիտասարդ դեսպանը, որ պիտի կամրջեմ հայրենիքն ու լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր կառոյցներով:

Այս  ծրագիրը  ի՞նչ   նպատակներ   պիտի հետապնդէ։

Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք, որ դժբախտ աւարտ մը ունեցաւ, մեր վիճակը նման է կարծես անոր, որ քննութեան պիտի ներկայանար, բայց լաւ պատրաստուած չէր: Հայաստանի անկախութեան յաջորդող երեսուն տարիներուն ընթացքին մեր աշխատանքը ձախող դուրս եկաւ եւ հասանք ուր որ հասանք: Հետեւաբար, կարիքը կայ ազգովին նոր մօտեցումներ որդեգրելու, նոր ռազմավարութիւններ մշակելու: Այս ծրագիրը կը միտի գործնականապէս իրար կապել սփիւռքի մէջ ապրող հայերը՝ միասնաբար աշխատելով հասնելու մեր նպատակին, որն է Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը, անվտանգութիւնը, եւ սփիւռքի գործնական օժանդակութիւնը Հայաստանին։

 

 Շատ  կարեւոր է նաեւ հայրենադրաձութեան խնդիրը, որ ամենակարեւոր ու գլխաւոր կէտն է այս ամբողջ ծրագրին մէջ:

 

Հարցազրոյցը՝ Լիւսի Տէօքմէճեանի