image

«Մենք հնադարեան ժամանակներ կ՚ապրինք». Պղծած են Ճիպէյլի «Ըմ Ֆաքիր» եկեղեցին(Լուսանկար)

 «Մենք հնադարեան ժամանակներ կ՚ապրինք». Պղծած են Ճիպէյլի  «Ըմ Ֆաքիր» եկեղեցին(Լուսանկար)

Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ վանտալիզմ գործուած է Քրիստոնէական եկեղեցիի մը դէմ։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Պընթ Ճըպայլ» կայքէն, որ նաեւ նշեց թէ պղծուած եկեղեցին կը կոչուի «Ըմ ալ ֆաքիր»։

 

 

Վանտալիզմ գործողները կոտրած են եկեղեցիին դուռը, ինչպէս նաեւ պղծած եկեղեցիին սրբապատկերները։

 

 Դէպքին մասին յայտարարութիւն մը կատարած է «Ազգային ազատ հոսանք» կուսակցութեան  շրջանի ներկայացուցիչ ՝ Մարուան Մալհամէ։ Մալհամէ դատապարտելով եղածը նշած է, որ իրաւապահ մարմիններ չպէտք է ազատ արձակեն իրենց մօտ գտնուող կասկածեալը։

 Ան նաեւ նշած է, որ նման դէպքերու մասին լսելէ ետք «յաճախ կը զգանք, որ կ՚ապրինք  հնադարեայ  ժամանակներու  մէջ եւ այդ վիճակներէն դուրս գալու համար հարկ է անցնիլ գործնական քայլերու»։