Կապանի ժողովուրդին խորհուրդ կու տամ չանհանգստանալ, մենք այստեղ ենք հայ ժողովուրդի համար։ Այս մասին NEWS.am-ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամինը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը.
-Արդեօք Կապանի մէջ Իրանի հիւպատոսութիւնն այսօր կամ վաղը պիտի սկսի աշխատանքները։ Բոլոր աշխատանքները աւարտա՞ծ են։
Պարոն Միրզոյեանի հրաւէրով մեր Արտաքին գործոց նախարարի այցը Հայաստան լաւ հնարաւորութիւն էր՝ բանալու, վերջինիս ներկայութեամբ, գլխաւոր հիւպատոսութիւնը։ Այսպիսով երկուշաբթի օրուընէ գլխաւոր հիւպատոսարանը պիտի սկսի աշխատանքները։ Բայց գործնականօրէն այն աշխատանքները պիտի սկսի միւս շաբթուընէ։
-Ինչպէ՞ս հիւպատոսութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Դեռ շաբաթներ առաջ մենք աշխոյժ աշխատանքներ տարած ենք երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման հարցով՝ նախապատրաստուելով այստեղ գլխաւոր հիւպատոսութեան բացման։ Լիայոյս եմ, որ հիւպատոսութիւնը մօտ ապագային պիտի օգնէ զարգացնել մեր պատմական յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ՝ քաղաքական, մշակութային, առեւտրային, տնտեսական եւ այլն։
-Արդէն կա՞ն մշակուած ծրագրեր կապուած Սիւնիքի հետ։
Ինծի պէտք է քիչ մը ժամանակ՝ այստեղ մարդոց, Սիւնիքի մարզի պաշտօնեաներու հետ ծանօթանալու համար, եւ անկէ ետք մենք կ'որոշենք, թէ որ ոլորտներու մէջ կրնանք աւելի լաւ համագործակցիլ։
-Բայց ակնյայտօրէն Կապանի մէջ հիւպատոսութեան բացումը նաեւ քաղաքական պատգամ ունի։ Մենք ատրպէյճանական զօրքերէն ընդամէնը 2 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուինք։ Սա հաշուի առնելով՝ կ'ուզէի լսել ձեր մեկնաբանութիւնը, թէ ինչու հիւպատոսութիւնը Սիւնիքի մէջ կը բացուի ճիշդ հիմա։
Մենք Հայաստանի մէջ խաղաղութեան սուրհանդակներ ենք եւ կ'ուզենք Հայաստանը տեսնել որպէս կայուն երկիր։ Այսպիսով, ինչպէս նշած են Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, մենք չենք կրնար ընդունիլ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն։
-Արդեօք քաղաքական իրավիճակն էր առաջին պատճառը Սիւնիքի մէջ հիւպատոսութեան բացման համար։
Կը կարծեմ՝ Կապանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումը ցոյց կու տայ երկու երկիրներու ղեկավարներու ամուր վճռականութիւնը։ Այս որոշումը տարիներու պատմութիւն ունի եւ մենք այժմ ականատես կ'ըլլանք հիւպատոսութեան բացման։
-Կ'ուզեմ լսել Ձեր մեկնաբանութիւնը՝ որպէս անհատ, Սիւնիքի բնակչութեան մասին, սա Ձեր առաջի՞ն այցն է այստեղ։
Ես հայերուն կը պատկերացնեմ այնպիսին, ինչպիսին Իրանի հայ քաղաքացիներն են։ Անոնք շատ քաղաքակիրթ եւ բարեհամբոյր մարդիկ են։ Այդպիսին են նաեւ ձեր երկրի եւ Կապանի մարդիկ։
-Անգամ այն պարագային, երբ սահմանային լարուածութիւնն այստեղ չափազանց բարձր է, եւ մարդիկ շատ ջղային են եւ կ'ապրին մշտական վախի մթնոլորտի՞ մէջ։
Կապանի ժողովուրդին խորհուրդ կու տամ չանհանգստանալ, մենք այստեղ ենք հայ ժողովուրդի համար։