image

Մեկնարկած է Իրանի նախագահի պաշտօնական այցը Թուրքիա

Մեկնարկած է Իրանի նախագահի պաշտօնական այցը Թուրքիա

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ժամանած է Անգարա, գրած է իրանեան «Մեհր» գործակալութիւնը։

Նախքան Անգարա մեկնիլը Ռայիսին յայտարարած էր, որ Իրանն ու Թուրքիան ընդհանուր դիրքորոշում ունին Պաղեստինին աջակցելու հարցով։ Ան նշած էր, որ Իրանը Թուրքիան կը համարէ բարենպաստ գործընկեր երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնման համար։

Ռայիսին նաեւ կոչ ըրած էր զարգացնելու տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ եւ առեւտրաշրջանառութիւնը հասցնելու 30 միլիառ տոլարի։

Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ ալ՝ Թուրքիոյ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է Իրանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։ Կայացած են երկու երկիրներու նախագահներու բանակցութիւնները։