image
Հրատապ լուրեր:

Մէկ օրուան մէջ երկու զոհ

Մէկ օրուան մէջ երկու զոհ

16 Օգոստոսին, ժամը 18:10-ի սահմաններուն, ատրպեճնական ԶՈւ ստորաբաժանումները հերթական անգամ դիմած են սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայ-ատրպեճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ:

Ծաւալած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հակառակորդի կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ԶՈւ N զօրամասի զինծառայող, 2002թ. ծնած, շարքային Արման Յովհաննէսի Յակոբեանը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Հայկական կողմի ձեռնարկած պատասխան գործողութիւններու շնորհիւ հակառակորդը ունի առնուազն երեք զոհ եւ վիրաւոր:

Յիշեցնենք, որ 16 Օգոստոսին հակառակորդի կրակոցէն եւս մէկ զինծառայող զոհուած էր Երասխի ուղղութեամբ։