image

Մեղադրանքներ եւ վատ խօսքեր. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Նէնսի Աժրամին հետ

 Մեղադրանքներ եւ վատ խօսքեր. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Նէնսի Աժրամին հետ

Լիբանանի արդիական էսթրատայի աստղերէն Նէնսի Աժրամի Կիպրոսի մէջ առնուած մէկ լուսանկարը բաւականին մեծ աղմուկի եւ տարատեսակ խօսակցութիւններու դուռ բացած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց մասնաւորապէս Դվիթերեան հարթակներէ, ուր մեծ թիւով օգտատէրեր մեղադրանքի աթոռին նստեցուցած էին՝ Նէնսի Աժրամը։

 

 Մանրամասնութեանց մէջ կը հաղորդուի, որ Կիպրոսի մէջ եղած պսակի խրախճանքէն Նէնսիին հետ առնուած նկարը պատճառն է այդ բողոքներուն, որովհետեւ անոր հետ նկարուած կինը (անունը ՝ Եահուտիդ Տոշ) իսրայէլացի մըն էր, որ լայնօրէն տարածած է իր լուսանկարը։ 

Աժրամ, որ անակնկալի եկած է այդ մեղադրանքներէն վերահաստատած է այն միտքը, որ ինք չի պատրաստուիր այդ խօսակցութիւններուն պատասխանել։

 Միւս կողմէ Աժրամի հազարաւոր երկրպագուներ, որոնք պաշտպանած են իրենց սիրելի երգչուհին, նշած են, որ հնչած խօսքերը անընդունելի են, եւ որեւէ անձ իրաւունք չունի Աժրամին «հայրենասիրական դասեր» տալու։

 Արաբ-Իսրայէլեան դարաւոր հակամարտութեան «տարեգրութեան» մէջ նման դէպքերը նորութիւն չեն, ու կայ վարկած, որ իսրայէլացիք նման վարմունքի կը դիմեն աշխարհին ցոյց տալու համար, որ իրենք խնդիր մը չունին արաբներուն ու յատկապէս լիբանանցիներուն դէմ։

 

 Մէկ կողմէ կոյր ազգայնականութիւնը, եւ միւս կողմէ սադրանքի վրայ հիմնուած քայլերը աւելիով կը խորացնեն երկու տէրութիւններուն միջեւ առկայ թշնամութիւնը եւ ամէն պարագայի ոչինչով կ՚օգնեն, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնը մտնէ լուծումներու փուլ։