image
Հրատապ լուրեր:

Մարտական դիրքի մէջ պայմանագրային զինծառայողի դի. Կայ ձերբակալուած

Մարտական դիրքի մէջ պայմանագրային զինծառայողի դի. Կայ ձերբակալուած

Յունուար 9-ին՝ ժամը 06:20-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի N մարտական դիրքին մէջ յայտնաբերուած է պայմանագրային զինծառայող Կարէն Արայիկի Կարապետեանի դին՝ հրազէնային վնասուածքով:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Կարէն Կարապետեանը Արագածոտնի Ոսկեվազ համայնքի բնակիչ էր, 23 տարեկան:

Դէպքի հանգամանքներն ամբողջովին պարզելու նպատակով կ՚ընթանայ քննութիւն:

«ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը վշտակցում եւ զօրակցութիւն է յայտնում զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակից ընկերներին»,-գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պայմանագրային զինծառայողի սպանութեան դէպքի առթիւ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է։ Քննչական կոմիտէն հաղորդած է, որ նախնական տուեալներով հրազէնային վիրաւորումը հասցուցած է մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող ժամկէտային զինծառայողը, ան ձերբակալուած է։

«Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան Վարդենիսի բաժնից հաղորդում է ստացուել այն մասին, որ 2024-ի յունուարի 9-ին`ժամը 06:20-ի սահմաններում, մարտական դիրքում ինքնաձիգից արձակուած կրակահերթից մահացու հրազէնային վիրաւորում է ստացել պայմանագրային զինծառայող, մարտական դիրքի պատասխանատու Կ․Կ․-ն։ Նախնական տուեալներով հրազէնային վիրաւորումը հասցուել է մարտական հերթապահութեան մէջ գտնուող ժամկէտային զինծառայողի կողմից։ Յանցաւոր արարքը կատարելու մէջ անմիջականօրէն ծագած հիմնաւոր կասկածի հիմքով, նշուած ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուել է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ, նախաքննութիւնը կը շարունակուի: