image

Մաքրոն յայտարարած է Փութինի հետ երկխօսութեան պատրաստակամութեան մասին

Մաքրոն յայտարարած է Փութինի հետ երկխօսութեան պատրաստակամութեան մասին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ կը շարունակէր երկխօսութիւնը իր ռուսաստանցի պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ։ 

«Ես կը շարունակէի երկխօսութիւնը Վլատիմիր Փութինի հետ: Ոչ, վերջին ամիսներուն մենք չենք շփուած, բայց ես չեմ բացառեր զրոյցի հնարաւորութիւնն այս կամ այն թեմայի շուրջ» -ըսած է Մաքրոն Generation Do It Yourself-ի փոթքասթին:

Մաքրոն նշած է, որ կը հաւատայ երկխօսութեան ուժին: 

«Լիովին անկեղծ կ՚ըսեմ՝ կը կարծեմ, որ միշտ կարեւոր է շարունակել երկխօսութիւնը», -յայտարարած է նախագահը։

Ֆրանսայի ղեկավարը աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ նախագահի հետ կը քննարկէր, մասնաւորապէս, աթոմային ելեկտրակայաններու թեման՝ չպարզաբանելով, թէ ինչ նկատի ունի։

Փութին աւելի վաղ յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է փոխգործակցելու Փարիզի հետ, եթէ ֆրանսական կողմը նման ձգտում ունենայ։ Ռուսիոյ ղեկավարի խօսքով՝ ինքը Մաքրոնի հետ լաւ աշխատանքային յարաբերութիւններ ունեցած է, սակայն Ֆրանսայի նախագահը դադրեցուցած է այդ կապը: