Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն դիմած է ֆրանսացիներուն եւ յայտարարած խորհրդարանի ստորին պալատը՝ Ազգային ժողովը, ցրելու մասին։
«Ես այս երեկոյ կը ցրեմ Ազգային ժողովը: Շուտով պիտի ստորագրեմ նոր խորհրդարանի ընտրութիւն կայացնելու մասին հրամանագիր, որու առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ յունիս 30-ին, իսկ երկրորդը՝ յուլիս 7-ին»,- յայտարարած է Մաքրոն:
Աւելի վաղ նոր խորհրդարանի ընտրութիւն նշանակելու կոչով հանդէս եկած էր, յունիս 9-ին, Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններուն Ֆրանսայի մէջ յաղթանակած «Ազգային միաւորում» կուսակցութեան ղեկավար Ժորտան Պարտելան։