Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է, թէ հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ, որու ընթացքին Իրանին կոչ ըրած է դադրեցնելու Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու ուղղութեամբ հարուածները։
«Ես նոր խօսեցայ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ։ Անոր կոչ ուղղեցի անմիջապէս վերջ տալու անընդունելի յարձակումներուն, որոնք Իրանը կը գործադրէ տարածաշրջանի երկիրներու դէմ՝ թէ՛ ուղղակի կերպով եւ թէ՛ իր միջնորդներու միջոցով, ներառեալ Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ»,– գրած է Մաքրոն X ընկերային ցանցի իր էջին վրայ։
Մաքրոն նաեւ կոչ ուղղած է որքան կարելի է շուտ վերականգնելու Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւագնացութեան ազատութիւնը։