Նոյեմբեր 12-ին, Կոտայքի մարզին մէջ, բերման ենթարկուած է գործարար եւ «88» հանրային խանութներու ցանցի սեփականատէր Նարեկ Նալպանտեան։ Այս մասին աւելի կանուխ հաղորդած էր «Մեկանիւզ» լրատուամիջոցը։
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ Ն. Նալպանտեան կը գտնուէր «Range Rover» մակնիշի, «888 RR 88» համարանիշով ինքնաշարժի մէջ, իսկ զինք կ՚ուղեկցէր «Mercedes G» մակնիշի, «652 61» համարանիշով ինքնաշարժ մը։ Նշուած ինքնաշարժները ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Կոտայքի մարզի գումարտակի երկրորդ վաշտի պարեկներուն կողմէ փոխադրուած են նոյն գումարտակի պահպանուող յատուկ տարածք, որ ժողովուրդին յայտնի է որպէս Աբովեանի նախկին «ԿԱՅԻ փլաշատկա»։
«Մեկանիւզի» տեղեկութիւններով՝ Ն. Նալպանտեանի մօտ յայտնաբերուած է Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն մէկուն կողմէ որպէս պարգեւ նուիրուած զէնք։
Ն. Նալպանտեան եւ անոր ընկերակցող անձերը ազատ արձակուած են։