image

Ուքրանական ուժեր հարուածած են Ախտուբինսկի ռազմական օդակայանը

Ուքրանական ուժեր հարուածած են Ախտուբինսկի ռազմական օդակայանը

 

Ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ռուսիոյ Աստրախանի մարզին վրայ։ Մարզպետ Իկոր Պապուշքին յայտնած է, որ Նոյեմբեր 15-ի լուսցող գիշերը շրջանին հիւսիսային մասին մէջ 31 անօդաչու սարք խոցուած է։

Ուքրանական Exilenova+ դիտարկման նախագիծը կը հաղորդէ, որ յարձակման թիրախ դարձած է «Ախթուպինսք» զինուորական օդակայանը, ուր առնուազն 30 պայթում լսուած է։ Նախագիծին համաձայն՝ հարուածի տակ յայտնուած են օդակայանի ենթակառոյցները, մարտական օդանաւերու կայանման վայրերը, ռազմամթերքի պահեստները եւ այլ կառոյցներ։

«Եուժնի Ֆետերալնի» պարբերականը կը գրէ, որ Ախթուպինսքի բնակիչները լսած են շուրջ երկու տասնեակ «զօրաւոր պայթումներու նմանող» ձայներ։ Լսուած են նաեւ ինքնաձիգներու կրակահերթեր, իսկ երկինքին վրայ տեսանելի եղած են պայծառ բռնկումներ։

Օդակայանին մէջ կը գտնուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Վալերի Չքալովի անունը կրող 929-րդ պետական թռիչքային փորձարկումներու կեդրոնը, որ տարբեր նշանակութեան օդանաւային եւ օդագնացութեան համալիրներու փորձարկումներ կ՚իրականացնէ։

Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը հաստատած է Ախտուպինսքի զինուորական օդակայանին ուղղուած հարուածը։ Ուքրանիացի զինուորականներուն պնդումով՝ ռազմաճակատի գիծէն շուրջ 650 քիլոմեթր հեռու գտնուող օդակայանին մէջ հարուածէն ետք տեղի ունեցած է հզօր երկրորդային պայթում մը՝ օդային կառավարմամբ հրթիռներու համար նախատեսուած սարքաւորումներու պահեստին մէջ։