image

Մանէ Թանդիլեան՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու

Մանէ Թանդիլեան՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու

Մանէ Թանդիլեան «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան՝ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն է։ Այս մասին որոշում կայացուցած է կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը։

Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Տիգրան Սահակեանի խօսքով՝ որոշումը հիմնուած եղած է վերջին ամիսներուն Երեւանի բնակիչներու հետ իրենց աշխուժ շփումներու, անոնց հետ զրոյցներու, ընկերային հարցումներու, «ֆոքուս»-խմբային հետազօտութիւններու արդիւնքներու եւ կուսակցութեան անդամներու կարծիքներու հիման վրայ։

«Ուզում եմ տեղեկացնել, որ մենք հաւատարիմ ենք մեր որդեգրած դիրքորոշմանը՝ այն է համապետական ընտրութիւններից զատ ակտիւօրէն պատրաստուել եւ ամենայն լրջութեամբ մասնակցել բոլոր տեղական ինքնակառավարման մարմինների ընտրութիւններին, քանզի վստահ ենք, որ տեղական ինքնակառավարման մակարդակում եւս քաղաքական ուժերը պէտք է լուրջ քաղաքական ծրագրեր ներկայացնեն, ստանձնեն պատասխանատւութիւն եւ ընթացիկ օպերատիւ խնդիրներից զատ իրական զարգացում ապահովեն համայնքներում, այնպէս, ինչպէս մենք դա անում ենք Ալավերդի խոշորացուած համայնքում, Նոյեմբերեան խոշորացուած համայնքում, Տաթեւ խոշորացուած համայնքում, եւ դա անելու ենք Երեւան քաղաքում», -ըսած է Տիգրան Սահակեանը։

Ինչպէս ընդգծած է Սահակեանը, Մանէ Թանդիլեանի առաջադրումը եւս մէկ անգամ կ'ընդգծէ իրենց վճռականութիւնը ոչ միայն մասնակցելու, այլեւ յաղթելու Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն։

«Հաւաստիացնում եմ, որ այս ընտրութիւններում մեր մասնակցութիւնը եւ յաղթանակը երկրում արմատական եւ խորքային փոփոխութիւնների առաջնորդութեան անշրջելի յայտ է մեր կողմից», -աւելցուցած է ան։