Պատերազմական դրութեան հետեւանքով ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ եւ յաճախ կ՚այցելէր Սուրիա մնալով միշտ հաւատարիմը այդ հիւրընկալ երկրին եւ մեծ հաւատք ունենալով, որ վիրաւոր Սուրիան արեւոտ օր մը դարձեալ ոտքի կը կանգնի։
Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Յովհաննէս (Վանէս) Մութաֆեանը (ճանչցուած «Ապու Յակոբ» անունով)։
Հանգուցեալը կը համարուէր Տէր Զօրի հայկական համայնքի նահապետներէն մին։
Շնորհիւ նուիրական աշխատանքի ան իր եղբայրներուն հետ հիմնած է Տէր Զօրի նաւթարդիւնաբերութեան առաջին ընկերութիւններէն մին հասնելով մեծ յաջողութիւններու։
Ինչպէս ամբողջ սուրիահայութիւնը, նոյնպէս ալ «Ապու Յակոբ»ը ծանր տարաւ աղէտալի պատերազմին հետեւանքները եւ անշուշտ մեծապէս ցնցուեցաւ իր երկու եղբայրներուն մահուան պատճառով։
Պատերազմական դրութեան հետեւանքով ան կ՚ապրէր Երեւանի մէջ եւ յաճախ կ՚այցելէր Սուրիա մնալով միշտ հաւատարիմը այդ հիւրընկալ երկրին եւ մեծ հաւատք ունենալով, որ վիրաւոր Սուրիան արեւոտ օր մը դարձեալ ոտքի կը կանգնի։
Ինչպէս շատ շատերը «Ապու Յակոբ» այդ մեծ երազով ալ հեռացաւ այս աշխարհէն ցաւ եւ վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն եւ բարեկամներու շրջանակներուն մէջ։
Նշենք նաեւ, որ Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին 19 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ։