Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային գործիչ եւ կրթական մշակ Ասատուր Պօղոսեանը։
Այս մասին իմացանք Քուէյթի Ազգային Վարժարանի դիմատետրի էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«9 Հոկտեմբեր 2021-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց, վաստակաւոր կրթական մշակ, նուիրեալ ազգային գործիչ պրն Ասատուր Պօղոսեան:
Գամշլիի հայրենաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ առած Ասատուր Պօղոսեան մանուկ հասակէն սնած է ազգային ոգիով:
Եղած է ընթերցասէր ու ծառայող, սկզբունքային ու վճռակամ, տարիներ շարունակ իր ստացած հայրենասէրի աւանդը փոխանցած է սերունդէ սերունդ:
Հալէպի մէջ ստանձնած է Ազգ. Սահակեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօն, նոյն տարիներուն վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Ազգային, Կրթական եւ մշակութային կառոյցներու մէջ, միշտ կատարելով իր լաւագոյնը , չխնայելով ոչ մէկ ճիգ:
Քուէյթի հայկական համայնքը նաեւ վայելած է անոր ժրաջան գործունէութեան բարիքները:
1978-1983 ապա 2001-2004 ստանձնած է Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը նպաստելով վարժարանի վերելքին:
Ան մեծ ներդրում ունեցած է Քուէյթի Ազգային վարժարանի երկրորդական բաժնի հիմնադրութեան մէջ :
Պրն. Ասատուր Պօղոսեանի յիշատակը դրոշմուած պիտի մնայ քուէյթահայութեան յիշողութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»։