Օրերս իր մահանացուն կնքած է հալէպահայ ազգայիններէն ՝Կարապետ Գարագաշեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։
Նշենք, որ մեր հայրենակիցը Սուրիան հարուածած ծանր պատերազմին հետեւանքով ստիպուած եղաւ իր ընտանիքին հետ հեռանալ Հալէպէն եւ հաստատուիլ Պէյրութի մէջ։
Իր անունով վարկով, եւ յարգանքով բոլորին կողմէ սիրուած Կարապետ Գարագաշեան սեփականատէրն էր Հալէպի համեմներու ճանչցուած հաստատութեան ՝ «Գարագաշ»ին։
Հալէպի ոսկեայ օրերն էին եւ մեր հայրենակիցը իր արդար քրտինքով վաստակուած նիւթականէն յարմար բաժին մը կը տրամադրէր համայնքային մարմիններու եւ բարեսիրական միութեանց։
Ան ապրեցաւ 94 տարի, հիմնեց ամուր եւ հայկական աւանդներով հարուստ հայկական ընտանիք ու այդ պատճառով ալ դարձաւ յարգանքի եւ սիրով արժանի ամուսին ու հայր։
Յիշատակը յաւերժ պիտի յարգուի ու փաստ է նաեւ, որ բոլոր անոնք, որոնք ունին հաւարատիմ հարազատներ միշտ ալ յիշատակելի պիտի մնան ու անոնց յուշը դառնայ խնկելի։