Այսօր առաւօտեան Երեւանի մէջ 48 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացած է լրագրող, սենարիստ, հեռուստահաղորդավար, դասախօս Գայիանէ Փայտեանը։
Գայիանէ Փայտեան ծնած է 1974 թուականի 30 յունիսին, Երեւանի մէջ։
1991-ին ընդունուած է ԵՊՀ-ի բանասիրական ֆակուլտետի ժուռնալիստիկայի բաժին, 1996-ին աւարտած է այն։
Ան, որպէս լրատուական մեկնաբան, 1995-99թթ աշխատած է Հայաստանի ազգային հեռուստաընկերութեան մէջ, 1999-2015թթ՝ վարած է Հայկական Երկրորդ հեռուստաալիքի «Լրաբեր» լրատուական ծրագիրը։ 2000-2008թթ եղած է ՀՀ Ազգային Ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտը։ 2004թ-էն միջազգային հեռուստատեսային ակադեմիայի անդամ է։ 2006թ. Հայկական Երկրորդ հեռուստաալիքով հեղինակած եւ վարած է «Կախման կէտեր», 2017թ–էն՝ «Զրոյց Փայտեանի հետ» հաղորդաշարերը եւ այլն։
Մասնագիտական աշխոյժ գործունէութեան համար Գայիանէ Փայտեան արժանացած է Երեւանի քաղաքապետի պատուոգրին, ստացած է բազմաթիւ շնորհակալագրեր: