image

Հայրենի հաղորդավարուհի՝ Արմինէ Ճաղարեան խեղդամահ եղած

  Հայրենի հաղորդավարուհի՝ Արմինէ  Ճաղարեան խեղդամահ եղած

Արմինէ Ճաղարեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէր «Շանթ»  կայանին մէջ  առաւելաբար յայտնի էր  «Սա իմ պայուսակն է» հաղորդումի ճամբով։ 

Հայրենի «Շանթ» կայանի սիրուած հաղորդավարուհի՝ Արմինէ Ճաղարեան , որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Լոռիի  մարզին մէջ ընթացող նկարահանումներուն ինկած է «Դէբեդ» գետը եւ մահացած։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց ՝ Shamshyan.com կայքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ իյնալու դէպքէն ետք փրկրարարներ մօտեցած են եւ  երկար ճիգեր գործադրելէ ետք կարողացած են դուրս բերել Ճաղարեանը, որ ցաւալիօրէն մահացած եղած է։ 

Արմինէ Ճաղարեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գործէր «Շանթ»  կայանին մէջ  առաւելաբար յայտնի էր  «Սա իմ պայուսակն է» հաղորդումի ճամբով։