Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն ժամանած է Մոսկուա` Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն երկկողմ յարաբերութիւններու արդիական հարցերը, միութենական համագործակցութեան զարգացումը, տնտեսական համագործակցութիւնը պատժամիջոցներու ճնշման ներքոյ: Օրակարգին մէջ է նաեւ իրավիճակը տարածաշրջանին եւ Ուքրանիոյ մէջ:
Նախագահները վերջին անգամ հանդիպած են Մոսկուայի մէջ, Փետրուարի կէսերուն: Փետրուար 18-ին անոնք բանակցութիւններ վարած են Քրեմլի մէջ: