Օրերս Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Շանթ Սահակեան ընտրուած է վարչութեան ատենապետ։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Լոս Անճելըսի մեր պաշտօնակից՝ «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Շանթ Սահակեան 9 Ապրիլին ընտրուեցաւ վարչութեան ատենապետ, մինչ վարչութեան նորընտիր անդամները՝ Նետա Ֆարիտ եւ Թելի Ցը, պաշտօնապէս ստանձնեցին իրենց պաշտօնները։
Նշենք, որ Սահակեան Ապրիլ 2017ին ընտրուած էր Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, հանդիսանալով այդ մարմինին պատմութեան մէջ վարչութեան ամէնէն երիտասարդ անդամը:
Ան նաեւ Քալիֆորնիոյ կրթական վարչութիւններու միութեան խորհրդարանի պատգամաւոր է։