image

Լոս Անճելըս. Համերգով պիտի նշուի «Էլեմընթ» խումբի 20-ամեակը

Լոս Անճելըս. Համերգով պիտի նշուի «Էլեմընթ» խումբի 20-ամեակը

Արա Տապանճեանի գլխաւորած «Էլեմընթ» երաժշտական խումբը իր հիմնադրութեան 20աեամկը պիտի նշէ Կիրակի, 24 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7։30ին սկսող համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ «Ֆորտ» սրահին մէջ։

Խումբին 12 երաժիշտներուն պիտի ընկերանան նաեւ մենակատար երգիչներ Սօսէ Արամունի Քէշիշեան եւ Նաթալի Հաւունճեան:

«Էլեմընթ» խումբը իւրայատուկ ոճով եւ թարմ մօտեցումներով կը ներկայացնէ հայկական աւանդական երգեր, իր կարեւոր ներդրումը բերելով հայկական երաժշտութիւնը պահպանելու, տարածելու եւ արդիականացնելու գործին, թէ՛ մեր համայնքին եւ թէ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։