image

Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան/ Սեւակ Յակոբեան

Լրագրական Ուղեւորութիւն Դէպի Հայաստան/ Սեւակ Յակոբեան

Իր ազգօգուտ ձեռնարկներուն շարքին, «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» IDeA (Ideas for Development of Armenia) Հիմնարկը գործակցութեամբ 100 Lives նախաձեռնութեան` բոլորին ծանօթ հաստատութիւններ զորս կը նախագահէ Տիար Ռուբէն Վարդանեանի նման մեծ Հայ մը (որոնց գործունէութեանց մասին տակաւին շատ պիտի անդրադառնանք) գաղափարը յղացած էր իր հրաւէրով դէպի Հայաստան լրագրական այցելութիւն մը կազմակերպել մասնակցութեամբ Լիբանանցի լրագրողներու եւ մետիայի պատասխանատուներու: Սոյն ձեռնարկը յաջողեցնելու համար ամիսներ առաջ Պէյրութ այցելած էր 100 Lives-ի Մետիայի եւ Հանրային Յարաբերութեանց տնօրէնուհի՝ Տիկին Զարա Նազարեանը, որուն հետ ատենին հաճոյքով հանդիպեցանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ: Տիկին Նազարեանը Պէյրութ եկած էր ծրագրին մասին ծանօթութիւններ տալու եւ հաւանական մասնակիցներու հանդիպելու, որոնք այս հրաւէրով պիտի այցելէին Հայաստան իրենց տպաւորութիւններուն մասին գրելու կամ յատուկ հաղորդակցութիւններ պատրաստելու իրենց աշխատակցած մամուլին եւ մետիային մէջ Հայաստանի տեսարժան եւ զբօսաշրջիկական վայրերը ծանօթացնելու ոչ հայ հանրութեան, մէկ եւ յստակ նպատակակէտով՝ նպաստել Հայատանի տնտեսութեան զարգացնել, որ արդէն սրբազան առաքելութիւնն է IDeA-ին: Տիկին Զարա Նազարեանին Պէյրութ այցելութենէն ետք Հայաստան այցելութեան մասնակիցներուն մէջ յարմար նկատուած էր ի պաշտօնէ նաեւ ներառնել զիս, որուն սիրով ընդառաջեցի: Անձնական պտոյտով թէ ի պաշտօնէ բազմիցս այցելած եւ եղած եմ Հայաստան, սակայն այս մէկը ունէր իր առանձնայատկութիւնը եւ ուրոյն առաքելութիւնը, որն էր՝ սատարել Հայրենիքի զարգացման գործին:

Օր 1 Արդարեւ ՝ Երկուշաբթի 27 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան Լիբանանի մամլոյ զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչ պաշտօնակիցներու հետ ուղուեցանք Հայաստան 5 օրեայ յստակ առաքելութեան մը համար: Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» Միջազգային Օդակայանէն Լիբանանեան Միտլ Իսթ օդանաւային ընկերութեան հաճելի եւ հանգստաւէտ՝ նուազ քան 2 ժամ տեւողութեամբ թռիչքով, որ ատենէ մը ի վեր մեր սրտին մօտիկ երկու մայրաքաղաքները իրար կը կապէ, հասանք Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը, ուր մեզի դիմաւորելու եկած էր IDeA-ի եւ 100 Lives-ի աշխատակիցներէն՝ այնքան ազնիւ ու բարեսիրտ Ստեփանը Քուրթիքեանը, որմէ իմացանք, որ ան մեր յաջորդող օրերուն ուղեցոյցը պիտի ըլլայ: Շուտով Գարմէն Լապաքին (ազատ լրագրող, բեմադրիչ եւ արտադրիչ), Մոնա Սուքարիյէն (Ազգային Լրատուութեան Գործակալութիւն), Նաժիա Ալ Հուսարին («Ալ Հայաթ» օրաթերթ), Մարլէն Խալիֆէն («Ալ Սաֆիր» օրաթերթ), Ֆաթիմա Ապտալլան («Ալ Նահար» օրաթերթ) ու այս տողերը գրողս յատուկ փոխադրակառքով եւ անոր ազնիւ վարորդին՝ Պրն. Սամուէլին օգնութեամբ տեղափոխուեցանք «Պանդոկ Երեւան» ճաշարան, ուր հակառակ ժամը շատ ուշ ըլլալուն մեզ կը սպասէին Տիկ. Զարա Նազարեանը եւ մեզմէ քանի մը օր կանուխ Երեւան հասած մեր պաշտօնակից՝ Շիրազ Ճէրէճեանը, միասնաբար ունենալու համար Հայկական ճաշերով պատրաստուած ընթրիք մը, որոնց համով ու տեսքով այնքան գոհ էին մեր Լիբանանցի արաբ պաշտօնակիցները: Աւարտին ժամն էր մեկնելու մօտակայ Երեւանի Օփերայի կառոյցին անունը կրող «Օփերա Սուիթս» շքեղ պանդոկը, որուն մուտքին մեզ կը սպասէր Հայկական պտուղներու հիւթով հիւրասիրութիւն մը: Մինչ մեր առանձնա-սենեակներուն մէջ գը-տանք մեզ հիւրասիրող հաստատութիւնները մե-զի աւելի եւս ծանօ-թացնող գրքոյկներու օգտակար շարք մը: Բծախնդրօրէն պատրաստուած 5 օրեայ ծրագիրը , որուն ընթացքին պիտի այցելենք Հայաստանի հեռու թէ մօտիկ շրջաններ, ծանօթանալու մեր Հայրենիքին պատմական հնու-թիւններուն, բնութեան, կենդանական աշխարհին, եւ տեսարժան վայրերուն ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի դարաւոր մշակոյթին, զանոնք մեր կարգին աւելի եւս ծանօթացնելու հանրութեան ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի ոչ Հայ հանրութեան: Օր 2 Երեքշաբթի 28 Յուլիս 2015-ին, Հայրենիք կեցութեան մեր առաջին առաւօտուն հաճելի էր արթննալ Երեւանի արեւածագին: «Օփերա Սուիթս» պանդոկի 9րդ յարկի սենեակիս պատուհանէն երկար դիտեցի «Մայր Հայաստան»ի խրոխտ արձանը, որ կարծէք անքուն կը հսկէ մեր երկրին վրայ՝ իր տեսքին մէջ կ'ամփոփէ Հայ ժողովուրդի հզօրութիւնը եւ դարաւոր գոյատեւումի հպարտութիւնը: Նախաճաշը հիւրանոցի 12-րդ յարկի վրայ էր՝ տաք սուրճի եւ հայկական մեղրալի նախաճաշի ընկերակցութեամբ, բարձրէն դիտուած Երեւանի քաղաքի տուֆի կառոյցներով լի տեսարանով յագենալէ ետք երիտասարդ պաշտօնակիցիս՝ Շիրազ Ճէրէճեանին հետ քալելով ուղղուեցանք մօտակայ խանութ մը մեր Հայաստանեան բջիջային գիծերուն համար համացանցի սպասարկութիւն ապահովելու՝ լուր եւ տեղեկութիւն հասցնելու Պէյրութ: Այնքա՜ն ապահով էր իմ տակաւին ցաւող ոտքով հսկայ պողոտան կտրելը, ուր ոտքով փոխադրուող մարդկանց յատկացուած ճամբու զեպրա գիծերով անցքը ամենայն քաղաքակրթութեամբ կը յարգուէր հայրենի վարորդներուն կողմէ: Ժամը հասած էր խմբովին այցելելու Հայ մշակոյթի ամրոց՝ Մատենադարանը: Մատենադարան Երևանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան կամ ուղղակի Մատենադարանը, ինչպէս ծանօթ է՝ հին ձեռագիրներու և փաստաթուղթերու պահպանման և ուսումնասիրման կեդրոնն է։ Ունի ձեռագիրներու և միջնադարեան գիրքերու աշխարհի ամենախոշոր հաւաքածոներէն մէկը։ Հայերէն ձեռագիր մատեաններու ամենախոշոր այս պահոցը՝ ստեղծուած է 1921-ին՝ Էջմիածնի մատենադարանի հիմքին վրայ, և առաջին գիտահետազոտական հաստատութիւնն է Հայաստանի մէջ իր այսօրուայ արդիական եւ ընդարձակուած կառոյցով։ Մատենադարանին մէջ մեր զմայլած ոչ-Հայ եւ հաւատքի տարբեր մշակոյթներու պատկանող պաշտօնակիցներուն շատ մը բաներուն կողքին Մաշտոցն ու Խորենացին, Բարձր Բերդի Աւետարանը եւ Նարէկի ձեռագիրներուն ծանօթացնելէ ետք ճամբայ ելանք դէպի բնութեան գիրկը՝ Ծաղկաձոր: Ճանապարհին վրայ առիթ էր, որ մեր պաշտօնակիցները ծանօթանային պատմական Կեչառիս Վանքի համալիրին: Կեչառիս Կեչառիսի վանքային համալիրը, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արևմուտքին՝ կառուցուած 11-13-րդ դարերու ընթացքին, միջնադարեան Հայաստանի նշանաւոր կրօնական ու մշակութային կեդրոնը եղած է։ Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան և մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։ Մեր խումբը իր կէսօրուայ ճաշը ունեցաւ Ծաղկաձորի զբօսաշրջիկներու ժամադրավայրը հանդիսացող «Kavkazskaya Plennitsa» ճաշարանը: Ճաշէն եւ հայկական համեղ ուրցով պատրաստուած թէյ մըն ալ խմելէն ետք մեր վարորդը՝ Պրն. Սամուէլ իր ազնիւ համբերութեամբ խումբը փոխադրակառքով տարաւ Հայրենիքին Զուիցերիան հանդիսացող՝ Դիլիջան գիւղաքաղաքը: Անշուշտ մեզմէ անբաժան էր մեր սիրելի Ստեփանը, որ մենք ընտրեցինք Հայրենիքի լաւագոյն ուղեցոյցը: Դիլիջան Հայկական Դիլիջանը Զուիցերիա կոչուելու ամէն արժանիք ունի ներառեալ Հայաստանի Կեդրոնական Պանքի գլխաւոր կեդրոնը, որ հոն հաստատուած է: Դիլիջանը մնայուն զարգացումի հունին մէջ գտնուող տարածաշրջան մըն է իր հոյակապ բնութեամբ եւ դրախտային հանդարտութեամբ: Դիլիջանի կարեւորութիւնը այսօր սակայն կը կայանայ ոչ միայն իր բնական արժանիքներուն մէջ այլ այնտեղ կատարուած մարդկային զարգացումին նուիրած հսկայական ներդրումի մը, որն է՝ United World College - UWC Dilijan College -ը, որ աշխարհի չորս կողմէն իրեն աշակերտող ընտրանիի մը International Baccaleaureate (IB)-ի կը պատրաստէ դպրոցական կառոյցի գերարդիական համալիրի մը մէջ, զորս խմբովին եւ միշտ 100 Lives-ի Հանրային եւ Մետիայի կապերու տնօրէնուհի Տիկ. Զարա Նազարեանին հետ այցելեցինք, որ ուրիշ բան մը չէր կրնար ըլլալ բացի IDeA-ի հիմնադիր Տիար Ռուբէն Վարդանեանի մէկ այլ անզուգական նախաձեռնութիւնը մնայուն իր տեսիլքով, որն է հայրենիքին յարաճուն զարգացումը: Հաղարծին Երեկոյեան մեկնեցանք 10-րդ դարէն մեզի մնացած բնութեան գիրկը գտնուող Հաղարծինի վանքը: Հաճելի անակնկալ մըն էր Հաղարծինի վանքին շրջափակին մէջ հանդիպիլ Պէյրութի ՀԵԸ-ի գրասենեակի տնօրէն Պրն. Գէորգ Սանթուրեանին: Պրն. Սանթուրեան ՀԵԸ –ի սկաուտներուն Հայրենիքի բանակավայրին մէջ հիւրաբար գտնուող Ֆրանսական Սկաուտական Շարժումի խումբ մը անդամներ հոն բերած էր: Օրուայ աւարտին տեղափոխուեցանք նոյն շրջանի մէջ գտնուող «Best Western Paradise» պանդոկը, որ ինքնին փաստ մըն է շրջանին շարունակական զարգացման: Գիշերը ընթրիք ունեցանք Flying Ostricհ անունով շատ գեղեցիկ ու առատաձեռն ճաշարանի մը մէջ: Ճաշարանին պատասխանատուները մինչեւ ուշ գիշեր ժպտուներէս ծառայեցին մեր սեղանին: Վաղը՝ դէպի կապոյտ Սեւան, Հայրավանք, Նորատուս, Կարաւան Սերայ, Քարահունչ, Վայոց Ցոր եւ Գորիս: Օր 3 Դիլիջանի առաւօտը յատուկ էր իր դրախտային թռչուններու ճռուողումով եւ սքանչելի բնութիւնը դիտելու համար հիւրանոցի սենեակիս պատուհանէն դուրս դիտող դէմքս շոյող մեղմ զեփիւռով: Համեղ էր նաեւ գիւղ բուրող նախաճաշը պատրաստուած կեռասի եւ ծիրանի անուշներէ, կաթով ու հայկական մեղրով:  Ժամն էր ուղղուելու դէպի լեռներուն մէջ խաղաղ հանգչող մեր հայրենի ծովը՝ Սեւան:

Ճամբուն վրայ իրականացաւ մեր պաշտօնակից Շիրազին երազը՝ համտեսել ու մեզ ալ ստիպել համտեսել Դիլիջանի նշանաւոր խաշուած եգիպտացորէնը...: Հայրավանք Սեւանի ափին հանգրուանեցինք 9-րդ դարուն կառուցուած՝ Հայրավանք: Մեր հոն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ խումբ մը ուխտաւորներու ժամանումին, որոնք Էջմիածինէն Ղարաբաղ ոտքով ուխտի կ'երթային անցնելով Հայրավանքէն: Հոգեպարար ապրումներով մասնակցեցանք ուխտաւորներու շարականներու երգեցողութեան՝ մութ, խորհրդաւոր ու գողտրիկ եկեղեցիին մէջ: Անզուգական իր անշուտ նաեւ եկեղեցիէն դուրս դէպի Սեւան նայող տեսարանը, որ այս արագ եւ խճողուած մեր կեանքի ընթացքին մէջ պահ մը դադար էր ապրելու հանդարտութիւնն ու միաւորուելու մայր բնութեան հետ, որուն հետ մեր կապը ուղղակի է եւ բնական, մինչ արդի կեանքը դժբախտաբար հեռու կը պահէ մեզ այս կենսական ապրումէն: Մեր խումբին անդամները յուզուած էին ի տես մեր հայրենիքին սքանչելի բնութեան եւ հարուստ մշակոյթին: Մեր պաշտօնակից «Նահար» օրաթերթի թղթակից Ֆաթիման չէր դադրեր իր միտքը սնուցող հարցեր տալէ եւ տեղեկութիւններ քաղելէ իր հիացմունքը յայտնելով ու անկաշկանդ նկարուելով սրբապատկերներու մօտ:  Ակամայ լքեցինք Հայրավանքը: Մեր մխիթարութիւնը սակայն այն էր, որ պիտի ուղղուէինք այլ հետաքրքիր վայր մը: Այդ վայրը ՝ Նորատուս գիւղն էր: Նորատուս Մեր պաշտօնակիցներուն համար այս անծանօթ անունով գիւղը նշանաւոր էր հայկական իր բազմաթիւ խաչքարերով, որոնք միասնաբար կը կազմէին մօտաւոր 2000 խաչքար՝ դարաւոր գերեզմանատան մը մէջ: Խաչքարերու հինութիւնները կը հասնէին մինչեւ 5րդ դար: Հետաքրքիր էին մեր ուղեցոյցին՝ Ստեփանին փոխանցած տեղեկութիւնները ամէն մէկ խաչքարի պատմութեան մասին: Այնքան թիւով խաչքարերու մէկտեղումը աւելի քան զմայլելի էր մեզի համար, որ ամբողջութեամբ կ՛արտացոլացնէր զուտ հայկական մշակոյթը: Ապա անցնելով լեռնային նշանաւոր անցքէն սկսանք ուղղուիլ Վայոց Ձոր, ուր այցելեցինք 16րդ դարէն մեզի հասած Օրփէլեանի նշանաւոր «Կարաւան Սերայ»ը: Կարաւան Սերայ Մեր պաշտօնակիցներուն համար շատ հետաքրքրական էր գտնուիլ պատմութեան «մետաքսի ճամբուն» վրայ՝ ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր ուրիշներու շարքին իրենց նախահայերը հանդիսացող արաբական կարաւանները անցած են եւ հանգստացած ու հանգստացուցած են իրենց ուղտերը այս նախնական «պանդոկ»ին մէջ: Արդէն կէսօրը անց էր: Երկար ճամբայ մը կտրելէ ետք հասանք Վայոց Ձորի վերջը գտնուող նշանաւոր «Արենի» գինիի գործարանին մօտիկ ճաշարան մը՝ «Լճակ», որ շինուած էր փոքրիկ լճակի մը կողքին, ուր բադերն ու սագերը հանգիստ կը լողային: Ճաշերը համով էին իսկ սպասարկութիւնը ինչպէս միշտ՝ շատ լաւ: Ճաշարանի ազնիւ մատուցողներէն Մանուշը, ճաշի պահուն սիրով նկարեց մեզ մինչ Շիրազը կը փորձէր իր ճաշէն բաժին հանել տեղուոյն կատուներուն...: Ճաշարանէն ուղղուեցանք Քարահունչ: Քարահունչ Դժուար է նկարագրել մեր ունեցած զգացումները այս վայրին մէջ, որ կ'անցնէին հայկականէն ալ անդին հասնելով համամարդկայինին եւ մեզ նախորդող քաղաքակրթութիւններու պատմութեան եւ անոնց կապին տիեզերքին հետ այս նախնական սակայն հոյակապ աստղադիտարաններով եւ ինչո՞ւ չէ՝ Արարիչին հետ: Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է անցնի 7000 ամեայ Քարահունչէն, որ կը գտնուի Հայրենի մեր հողին վրայ զգալու այն ինչ որ անբացատրելի է: Գորիս Արդէն մթնշաղ էր: Ուղղուեցանք Գորիս իջեւանելու համար շատ սրտամօտ եւ տաքուկ պանդոկ մը, որուն անունն է «Միրհաւ» (շրջանին ծանօթ թռչնազգիի մը անունը): Ընթրիքը անցաւ հաճելի ըստ սովորականին, «Միրհաւ»ի խոհանոցի պատրաստած համադամներով: Վաղը առաւօտեան դէպի խնձորեսկ գիւղ ապա Տաթեւի Վանք հրաշալիքը:

 

Օր 4 Հինգշաբթի 30 Յուլիս 2015ի առաւօտը տարբեր զգացումով մը արթնցայ: «Միրհաւ» պանդոկի սենեակիս պատուհանին շատ մօտ կը հոսէր առուակ մը, որուն զուլալ ձայնը խառնուած էր նորածագ արեւին ջերմութեան հետ ինծի պարգեւելով գրեթէ աննկարագրելի զգացում մը, որուն միայն սքանչելի Գորիսի այցելուներն են, որ կրնան բախտը ունենալ զգալու: Գերազանցօրէն գիւղական նախաճաշէն ետք պահն էր ակամայ ձգել Գորիսը, սակայն ճամբայ ելլելէ առաջ պէտք էր անպայման տեսնել պանդոկին մօտի հացատունը, ուր Հայ մամիկներ թոնիրի հաց կը թխէին: Տեսարանը աւելի քան սրտամօտիկ էր: Ընկերոջս Շիրազին բաժանումն ալ այնքան դիւրին չեղաւ կարծեմ նախորդ գիշեր իրեն հաւատարմութիւն յայտնած` պանդոկին պարտէզի շրջակայքին բնակիչ շնիկէն, որ գիշերային իր դէպի Գորիսի քարանձաւները առանձին արշաւին պաշտպան ուղեկիցը եղած էր...: Խնձորեսկ Ուղղուեցանք դէպի Խնձորեսկ գիւղը, որուն անունին հետ կապուած է իմ պատանեկութեան Հայոց Պատմութեան կարգ մը դասապահերը ու իմ ամէն ժամանակներու հերոս` Մխիթար Սպարապետը: Դարձ-դարձիք ճամբաներով հասանք Խնձորեսկի նշանաւոր դիտարանը: Բարձր վայրերու հանդէպ իմ ունեցած ֆոպիան թոյլ չէր տար ինծի մօտենալ յատուկ պատրաստուած դիտարանին: Հոս օգնութեան հասաւ միւս պաշտօնակիցս` Գաբրիէլ Փանոսեանը, որ ազնիւ եղաւ իմ լուսանկարչական մեքենայով նկարել ինծի պէտք եղած նկարները: Բաժնուեցանք հրաբխային քարանձաւներով ծանօթ ու հարուստ Խնձորեսկէն՝ ուղղուելու համար Տաթեւ: Տաթեւ Անկախ հնամեայ Տաթեւի վանքի ունեցած անզուգական քաշողականութեան, Տաթեւի մէջ կայացած հոյակապ իրագործումը, որ մէկ այլ նախաձեռնութիւնն է տեսիլքի տէր մեծ հայուն` յանձինս տիար Ռուբէն Վարդանեանին, կ՛արտացոլայ Տաթեւի զբօսաշրջիկներուն դէպի վանք փոխադրող մրցանշային ճոպանուղիով (թէլէֆերիքով): ճոպանուղիի հաստատումը, ոչ թէ միայն զբօսաշրջիկները կը գրաւէ, այլ նաեւ կ՛աշխատցնէ ու ասպարէզ կ՛ապահովէ զայն բանեցնող պաշտօնէութեան եւ այնտեղ հաստատուած ճաշարանին, որոնք մեծամասնութեամբ շրջանի բնակիչներն են: Տաթեւի նման համեմատաբար հեռու շրջանի մը նման զարգացումը լաւագոյն փաստն է Ռուբէն Վարդանեանի տեսիլքի իրաւացիութեան: Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեանց աշխատելաձեւը, որ է նաեւ հասնիլ ինքնաբաւութեան եւ շահոյթը օգտագործելո նորանոր ներդրումներու, հետեւաբար` զարգացումին կը միտի գիւղացիին փոխանակ ամէն օր ձուկ մը տալու, անոր ձկնորսութիւն սորվեցնելու...:

 

Հակառակ երկրի կեդրոնէն իր հեռաւորութեան, կարելի չէ Հայրենիք այցելել ու չտեսնել հրաշային Տաթեւը:Դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն մեր յաջորդ կանգառը եղաւ Նորավանքը: Նորավանք 3րդ դարէն մեզ հասած Նորավանքի համալիրի բնութեան մէջ կառուցուած հայկական հոյակապ եկեղեցական ճարտարապետութեան կոթող մըն է, որ 13րդ դարուն վերակառուցուած է հայ ժողովուրդի նշանաւոր մանրանկարիչ եւ ճարտարապետ Մոմիկի աշխատանքով: Հնադարեան տապանաքարերու թանգարան մը արդարեւ, արժանի ամենախորունկ ուսումնասիրութեան: Եկեղեցիներու պատերուն վրայ փորագրուած են խորհրդանշանները իրենց մէջ կ՛ամփոփեն Հայ ժողովուրդի մշակութային ամբողջ անցեալը: Արդէն իսկ երկիւղածութիւն պարտադրող մթնոլորտը աւելի եւս զգացական ու հոգեհարազատ դարձաւ մեր պաշտօնակից Գաբրիէլի շարականի երգեցողութեամբ, իր ձայնը լաւագոյնս արձագանգող եկեղեցւոյ պատերուն մէջ: Եթէ պատմական Անին կոչուած է հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք, ապա Հայաստան արժանի է, որ կոչուի «Կրօնական Զբօսաշրջիկութեան Անմրցակից Երկիր», արժանի ամէն տեսակի ուշադրութեան: Երեկոյեան, Արարատեան դաշտին զուգահեռ մայրուղիով եւ մեր Սուրբ Լերան՝ Արարատին ուրուագիծին ընկերակցութեամբ վերադարձանք Երեւան մեր առաջին օրուայ պանդոկը` «Օփերա Սուիթս»: Ընթրիքը` հրապարակի մօտ «Տոլմամա» ճաշարանը ունեցանք, որուն ճաշերուն համեղութիւնն ու սպասարկութիւնը աւելի հոյակապ էր, մինչ սեղանակիցներու միակ նիւթը` ափսոսանք, որ արդէն մեր վերջին գիշերն էր Հայաստանի մէջ: Վաղը՝ ուրբաթ, Հայրենիքի մէջ մեր վերջին օրը՝ Գառնի, Գեղարդ եւ Ծիծեռնակաբերդ...: Օր 5 Վերջին արեւածագը: Այս առաքելութեան վերջին օրը Հայրենիքին մէջ: Նախաճաշի պահուն երկար մնացի «Օփերա Սուիթս»ի 12րդ յարկը՝ դիտելով Երեւան քաղաքը: Որքա՜ն ուրախ էի նկատելով, թէ ճիշդ է, որ կան նոր եւ արդիական շէնքեր, բարեբախտաբար սակայն Երեւանը տակաւին կը պահէ իր ճարտարապետական մշակոյթն ու ինքնուրոյնութիւնը: Ժամն էր յանձնելու մեր սենեակները եւ խումբով ուղղուելու նախ Գեղարդ եւ Գառնի: Գեղարդ եւ Գառնի Երեւանին համեմատաբար մօտ շրջան մը՝ խորհրդանիշերը երկու հակասական հաւատալիքներու` այնքան գեղեցիկ մշակոյթներ, այնքան իրար ամբողջացնող: Նախ բարձրացանք Գեղարդ՝ ժայռի մէջ փորուած քրիստոնէութեան առաջին օրերը խորհրդանշող վանքը: Խորհրդաւոր ու լուռ: 4-րդ դարէն մեզի հասած այս վանքին մոմ ու աղօթք բուրող պատերէն ներս երգուող շարականները, մարդուս հոգին կ՛ազնուացնեն: Վանք մը որուն գաւիթին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը աւելի քան զգալի է..: Հրճուանք ու հպարտութիւն էր մեզի, Գեղարդի շրջափակին մէջ հանդիպիլ սփիւռքահայ պատանիներու հսկայ խումբի մը, որոնք եկած էին ծանօթանալու իրենց պապերուն մշակոյթի հարստութեան: Շնորհակալութիւն իրենց պատասխանատուներուն, նոր սերուդը Հայ պահելու իրենց սրբազան աշխատանքին համար: Վերադարձի ճամբուն կանգ առինք Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող տակաւին միակ կանգուն Գառնիի տաճարը: Անցեալը ներկային կապող այս կոթողին վայրին մէջ գտնուիլը հետաքրքրական էր բոլորին համար նամանաւանդ, որ անոր թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ճարտարապետական ու մշակութային խորհրդանիշները ահագին զուգահեռներ ունին Լիբանանի Պաալպէք քաղաքի հնութիւններուն հետ: Յաջորդ հանգրուանը՝ դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ գտնուող շատ գողտրիկ գիւղ մը` Գեղադիր, ուր մեր կէսօրուայ ճաշը ունեցանք «Հայլէնտզ» անունով բնութեան հետ շաղկապուած ճաշարանին մէջ, որուն Պարսկահայ տիրոջ տիկինը, Լիբանանցի ըլլալու փաստը կ՛արտացոլար իւրաքանչիւր հրամցուած ճաշատեսակին մէջ՝ մինչ իր հետ խօսակցութիւնը ճաշասեղանին շուրջ աւելի քան հաճելի էր: Հասած էր պահը այցելելու Ծիծեռնակաբերդ, ուր հասանք արեւնամուտին, ինչ որ այցելութիւնը աւելի խորհրդաւոր դարձուց: Ծիծեռնակաբերդ Կարելի չէ Հայաստան եկող մը չ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն: Բազմիցս եղած եմ Ծիծեռնակաբերդ, սակայն փորձառութիւնը չէի ունեցած ոչ-հայ այցելուներու կողքին ըլլալ այցելութեան պահուն: Թէ՛ թանգարանին մէջ եւ թէ՛ յուշահամալիրին շուրջ արցունքներ տեսայ մեր բոլոր պաշտօնակիցներուն աչքերուն մէջ: Հաճելի էր թանգարանի տնօրէն պրն. Հայկ Տեմոյեանի հետ տեսնուիլը: Ան թղթակիցներուն բոլոր հարցումներուն համբերութեամբ պատասխանեց: Այցելութիւն «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի Գրասենեակ Մեր Հայաստան այցելութեան հրաւիրող կողմը հանդիսացող «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) Հիմնադրամի եւ 100 Lives նախձեռնութեան գրասենեակին այցելութեամբ մեր առաքելութեան այս հանգրուանը վերջ պիտի գտնէր: Ուղղուեցանք Երեւանի ՀԲԸՄ-ի նորակառոյց շէնքը, որուն 3րդ յարկին վրայ կը գտնուի վերոյիշեալ հաստատութիւնները: Զարա Նազարեանի օգտաշատ նախաբանէն ետք մեր խմբակին առջեւ ելոյթ ունեցան Սերգէյ Թանթուշեան (IdeA-ի փոխտնօրէն) եւ 100 Lives գրասենեակի պատասխանատու Արեն Աբիկեանները, որոնք համապարփակ կերպով եւ աւելի եւս մօտէն ներկայացուցին IdeA-ի ծրագիրներն ու 100 Lives-ի առաքելութիւնը (ներկայացումները շահեկան ըլլալուն, անոնց մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադարնանք յաջորդիւ): Պահն էր Skype-ով միանալու վերոյիշեալ հսկայական հաստատութիւններուն հիմնադիր՝ Տիար Ռուբէն Վարդանեանին հետ: Հայ ժողովուրդին արժանապատուութեամբ գոյատեւման եւ բարգաւաճ ու յարաճուն զարգացում ունեցող Հայրենիք մը ունենալու տեսիլքն ու հսկայական կամք ունեցող անձնաւորութիւնը, իրեն յատուկ ազնիւ, ինքնավստահ ու գործնական մօտեցումով գոհացուց բոլորիս հարցադրումներուն, աւելի եւս լուսաբանելով ժողովին ներկաները այն ինչ կը վերաբերի իր հիմնադրած հաստատութիւններուն գործունէութեան (Այս շատ կարեւոր հանդիպման մասին ալ աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ): Կը մնայ յիշել մեծ բանաստեղծին տողերը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»...: Ռուբէն Վարդանեանը գտած է այդ հնարը: Վերադարձանք Պէյրութ: Սակայն մեր առաքելութիւնը չաւարտեցաւ: Շուտով պիտի անցնինք առաքելութեան այլ հանգրուանի:

  Սեւակ Յակոբեան