image
Հրատապ լուրեր:

Լրացուցիչ ուժեր կը ներգրաւուին․ ԱԱԾ–ն` «Զուարթնոց»էն Ռուսիոյ սահմանապահներու դուրսբերման մասին

Լրացուցիչ ուժեր կը ներգրաւուին․ ԱԱԾ–ն` «Զուարթնոց»էն Ռուսիոյ սահմանապահներու դուրսբերման մասին

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը լրացուցիչ ուժեր կը ներգրաւէ` կապուած Ռուսիոյ սահմանապահներու յառաջիկայ դուրսբերման հետ։ «Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան այս մասին յայտնած են ԱԱԾ մամուլի ծառայութենէն։

«ՀՀ պետական սահմանի «Զուարթնոց» անցման կէտում սահմանային վերահսկողութեան գործառոյթի պատշաճ իրականացումն ապահովելու նպատակով նշուած անցման կէտից Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահների դուրս գալուն զուգահեռ ՀՀ ԱԱԾ-ի կողմից ձեռնարկուել են անհրաժեշտ միջոցներ՝ լրացուցիչ ուժեր ներգրաւելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է պատասխանին մէջ:

Միաժամանակ ԱԱԾ-էն յայտնած են, որ սահմանապահ զօրքերն անհրաժեշտ աշխատակազմով համալրելու գործընթացը պարբերական բնոյթ ունի:

Հարցին, թէ արդեօք արձակուրդային շրջանին Ռուսիոյ սահմանապահներու դուրսբերումը չի յանգեցներ օդակայանին մէջ հերթերու, գերատեսչութենէն պատասխանած են, որ կուտակումները սովորաբար կ՚ըլլան միաժամանակ մեծ թիւով թռիչքներու առկայութեան պարագային:

«Ընդ որում, նման իրավիճակներ յաճախ են եղել Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահների հետ համատեղ ծառայութիւն իրականացնելու ընթացքում»,-ըսած են ծառայութենէն: