Պէյրութի մէջ վաղահաս մահով մեզմէ առ յաւէտ հեռացած Լիզա Սվաճեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին յառաջիկայ կիրակի օր ՝ 26 փետրուարին։
Այս մասին իմացանք Պէյրութի մեր աղբիւրէն։
Կը նշուի, որ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Ի դէպ «Արեւելք» սիրուած երգչուհիի կորուստին մասին գրած էր աւելի վաղ նշելով, որ ան մահացած է սրտի կանգնումի հետեւանքով։
40 Տարեկան Լիզա Սվաճեան ( Ծն. Ճիկէրճեան) ամուսնացած էր Գրիգոր Սվաճեանին հետ եւ մայր երկու զաւակներու՝ Կրէկ եւ Լիլա։
Որոշ ժամանակ մը Հայաստանի մէջ ապրելէ ետք, ան անցեալ սեպտեմբերին վերադարձած էր իր ծննդավայրը՝ Պէյրութ։