Հայ Օգնութեան Միութիւնը Երեւանի մէջ գումարած է իր 73-րդ պատգամաւորական ժողովը։
Այս մասին վերահասու կը դառնանք Միութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնէն։ Ժողովի աւարտին ՀՕՄ-ուհիները ընտրած են Կեդրոնական նոր Վարչութիւն մը եւ ուշագրաւն այն է, որ նորակազմ մարմնին մէջ կը բացակային Լիբանանը ներկայացնող վարչականներ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Հայ Օգնութեան Միութեան Համահայկական 73-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 16 – 20 Հոկտեմբեր 2023-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան մասնակցութեամբ 19 երկիրներէ ժամանած 51 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 66 ունկնդիր ընկերուհիներու: Օրակարգի կէտերու քննարկման աւարտին ժողովը ընտրեց 2023 – 2027 շրջանի նոր Կեդրոնական Վարչութիւնը հետեւեալ կազմով. –
Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) – Ատենապետուհի
Թալին Տաղլեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․) – Փոխ-ատենապետուհի
Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․) – Քարտուղար
Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) – Գանձապահ
Իրմա Գասապեան (Արեւելեան Ա․Մ․Ն․) – Հաշուապահ
Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․) – Խորհրդական
Արմինէ Կարապետեան (Գանատա) – Խորհրդական
Զոյա Քոչարեան (Հայաստան) – Խորհրդական
Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք, Սուրիա) – Խորհրդական
Լիզա Չալըքեան Ժիլիպէր (Եւրոպա, Ֆրանսա) – Խորհրդական
Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա) – Խորհրդական