image

Լիբանանի մէջ. Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի «Պասքէթպոլ»ի Տղոց խումբը՝ առաջատար

 Լիբանանի մէջ. Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի   «Պասքէթպոլ»ի  Տղոց խումբը՝ առաջատար

  Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ  «Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան» տղոց խումբը միակ հայկական խումբն է, որ պիտի պայքարի 50  վարժարաններու հաւաքականներուն  դէմ, որոնք բոլորն ալ կը համարուին Լիբանանի լաւագոյն վարժարաններէն։

 Մարզաշխարհի եւ յատկապէս «Պասքեթպոլի» ծիրէն ներս վարժարանի սաներուն այս յաջողութիւնը պէտք է վերագրել վարժարանի երիտասարդ եւ  կարող  տնօրէն ՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի, ինչպէս նաեւ խումբի  կարող մարզիչ  Ժոզէֆ Արապեանի (որդին՝ լիբանանահայ հանգուցեալ եւ կարող մարզիչ եւ սերունդներու դաստիարակ՝ Փիէռ Արապեանին) գործադրած  անդուլ ճիգերուն։

 Այստեղ  հարկ է նշել, որ առանց   վարժարանի  մարզիկ- երիտասարդներու նուիրուածութեան  անկարելի պիտի դառնար նման ձեռքբերումներու հասնիլը,    եւ ապագայի  հանդէպ նորանոր տեսալակններ ունենեալը, հետեւաբար  շնորհակալութեան  անխառն խօսք   պէտք է հնչեցնել նաեւ   վարժարանի արի սաներու հասցէին։

 

Պէյրութի «Արեւելք»ի աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի «Պասքեթպոլ»ի տղոց խումբի անխափան կերպով կը շարունակէ իր յաջողութիւնները։

Կը նշուի, որ վարժարանին մէջ մարմնամարզի եւ ատենամարզանքի առընթեր տնօրէնութեան հոգատար ուշադրութիւնը գրաւած տղոց խումբը ՀՄԸՄ Լեվամի (Միջ դպրոցական խաղերու) մրցաշարքի ծիրէն ներս համոզիչ յաջողութիւններ գրանցելէ ետք այս անգամ հրապարակ ելած է մասնակցելու համալիբանանեան վարժարաններու ամէնամեայ մրցաշարքին։

 Կը նշուի նաեւ, որ մրցաշարքին  առաջին խաղին խումբն արդէն յաղթանակ տարած է   «Մունսէֆ»   (Mounsef International School) վարժարանի խումբին դէմ եւ յառաջիկային ալ պիտի մրցի մեծ վարկ ունեցող «Զահրաթ ալ իհսան» վարժարանի հաւաքականին դէմ։

 Այստեղ հարկ է յիշեցնել, որ  «Սուրբ Խաչ- Հարպոյեան» տղոց խումբը միակ հայկական խումբն է, որ պիտի պայքարի 50  վարժարաններու հաւաքականներուն  դէմ, որոնք բոլորն ալ կը համարուին Լիբանանի լաւագոյն վարժարաններէն։

 Մարզաշխարհի եւ յատկապէս «Պասքեթպոլի» ծիրէն ներս վարժարանի սաներուն այս յաջողութիւնը պէտք է վերագրել վարժարանի երիտասարդ եւ ձեռներէց տնօրէն ՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանի, ինչպէս նաեւ խումբի  կարող մարզիչ  Ժոզէֆ Արապեանի (որդին՝ լիբանանահայ հանգուցեալ եւ կարող մարզիչ եւ սերունդներու դաստիարակ՝ Փիէռ Արապեանին) գործադրած  անդուլ ճիգերուն։

 Այստեղ  հարկ է նշել, որ առանց   վարժարանի  մարզիկ- երիտասարդներու նուիրուածութեան  անկարելի պիտի դառնար նման ձեռքբերումներու հասնիլը,    եւ ապագայի  հանդէպ նորանոր տեսալակններ ունենեալը, հետեւաբար  շնորհակալութեան  անխառն խօսք   պէտք է հնչեցնել նաեւ   վարժարանի արի սաներու հասցէին։

Այս առթիւ յաջողութեան  մեր մաղթանքները կը յղենք խումբի մարզիկներուն, տնօրէնութեան եւ ամբողջ վարժարանին վստահ ըլլալով, որ անոնք բարձր պիտի պահեն  հայութեան անունը ամբողջ Լիբանանը ներգրաւող մրցաշարքին առընթեր։

 

 Բոլորին վարձքը կատար։