Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ զգայացունց դէպք մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ, որոնք մանրամասնօրէն նկարագրած են, թէ ինչ պայմաններու տակ պսակի ուրախ մթնոլորտը աւարտած է սպանութեամբ։
Կը նշուի նաեւ, որ Թրփոլի քաղաքի «Ապի Սամրա» թաղամասին մէջ պսակի արարողութեան մեկնելու պատրաստուող հարսին եղբայրը վէճի բռնուած է փեսայի եղբօր հետ, որմէ ետք ալ գրանցուած է կրակոց եւ զոհուած է հարսին հարազատ եղբայր՝ Մամուն Պայրութի անունով երիտասարդը։
Արաբական ԶԼՄ-ներ, որոնք լայնօրէն տարածած են հարսանեկան սպիտակ հագուստով փողոցին մէջտեղը ծանր վիճակի մատնուած հարսին սրտաճմլիկ վիճակը խոր մտահոգութիւն յայտնած են Լիբանանով մէկ տարածուած ապօրինի զէնքի երեւոյթին առընթեր , որ կը շարունակէ աւերներ գործել։
Պսակի ուրախութիւն, որն աւարտած է ոճիրով եւ սպանութեամբ մտածելու տեղիք կը հանդիսանայ բոլոր անոնց, որ կ՚ապրին Լիբանանի մէջ ու նաեւ անոնց համար, որոնք ինչ որ կերպով մը կապուած են այդ երկրին։
Լիբանանի մէջ. Հարսանեկան ուրախութիւնը աւարտած է սպանութեամբ @arevelk1 pic.twitter.com/YnUruuROaf
— arevelk.am (@arevelk1) August 21, 2023