image

Լիբանանի մէջ, արդեօ՞ք. «Արտառոց պայմաններ»ու սափրատունը (Լուսանկար)

 Լիբանանի մէջ, արդեօ՞ք. «Արտառոց պայմաններ»ու սափրատունը (Լուսանկար)

 

 Օրերս ընկերային ցանցերու վրայ  մեծ տարածում գտած է   սափրատան մը լուսանկարը, ուր սափրիչը գրեթէ կիսամերկ կերպով իր աշխատանքը կը կատարէ։ 

 

 Տարածուած լուրի ստուգութիւնը տակաւին չէ հաստատուած ու կը նշուի նաեւ, որ սափրատունը կը պատկանի Ֆիլիփեան կղզիներէ Լիբանան հասնող  երիտասարդի մը։ 

Հարցումը, որ կը տրուի, որ արդեօք եղածը  իրապէս Լիբանանի մէջ է, կամ թէ մասնաւորապէս եւ յետին նպատակներով այդ մասին լուր կը տարածուի համացանցի վրայ։ 

 Եւ եթէ լուրը հաստատուի, արդեօք լիբանանցիներ «պիտի մարսեն» նման երեւոյթ մը, որ ոչ մէկ կերպ կը յարգէ քաղաքակիրթ ընկերութեան մը արժէչափերը։ 

 Լուրը կը կու տանք , որոշ վերապահումներով ու նորութիւնները (յաճախ մերժելի) մեր ընթերցող հանրութեան ներկայացնելու բծախնդրութեամբ։