Լիբանան- Լիբանան այսօր հրաժեշտ կու տայ բանակի սպայ Գնդ. Րապիհ Քահիլին: Նշենք, որ բանակի սպան զոհ գացած էր անարգ ոճիրի մը, երբ երկու զինեալներ ճանապարհային վէճի մը ընթացքին կրակ բացած էին անոր ոտքերուն ուղղութեամբ: Սպան կէս ժամ արիւնահոսելէ ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց ու երկու օր ետք մահացած: Վերջին շրջանին ոճրային արարքները բազմացած են երկրի տարածքին եւ այդ մէկը կապ ունի զէնք կրելու արտօնութեան հեշտ ըլլալուն եւ մենաշնորհային հովանաւորեալներու բազմացման հետ: