Մեր ընթերցողներուն նաեւ յիշեցնենք, որ Խարրաթ յայտնի վիրաբոյժ եւ մանկաբարձ բժիշկ է, որ նաեւ իր կատարած վիրաբուժական գործողութեանց ընթացքին յանուն հիւանդի հանգստութեան եւ անշուշտ հիւանդի համաձայնութեամբ դասական երաժշտութիւն լսելի կը դարձնէ։Լիբանանցի բժիշկ Ռիշար Խարրաթի ճակատագիրը կը շարունակէ մնալ անորոշ։
Լիբանանեան ԶԼՄ-ներ այս մասին գրած են նշելով, որ Խարրաթ ճիշդ 20 օր առաջ ձերբակալուած էր Ապու Տապիի մէջ։
Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն նաեւ, որ Խարրաթ ձերբակալուած է Իմարաթեան իշխանութիւններուն կողմէ առնուազն տարիներ առաջ կատարուած գրառումներուն համար։
Մինչ Լիբանանի իրաւապահ մարմիններ լռութիւն կը պահեն Խարրաթի խնդրով, Լիբանանցի աքթիւիսթներ եւ ընկերային տարբեր հարթակներու վրայ անոր ազատութիւնը պահանջող նախաձեռնութիւններու դիմած են։
Մեր ընթերցողներուն նաեւ յիշեցնենք, որ Խարրաթ յայտնի վիրաբոյժ եւ մանկաբարձ բժիշկ է, որ նաեւ իր կատարած վիրաբուժական գործողութեանց ընթացքին յանուն հիւանդի հանգստութեան եւ անշուշտ հիւանդի համաձայնութեամբ տարբեր ժանրի երաժշտական կատարումներ լսելի կը դարձնէ։
Լիբանանցի բժիշկ ՝ Ռիշար Խարրաթի ճակատագիրը անորոշ @arevelk1 pic.twitter.com/afvLINKF5l
— arevelk.am (@arevelk1) April 20, 2022