image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի աստղ՝ Ռաղէպ Ալամէյի դէմ «կրակ կը թափուի» (Լուսանկար)

Լիբանանցի աստղ՝ Ռաղէպ Ալամէյի դէմ «կրակ կը թափուի» (Լուսանկար)

 

Մասնաւորապէս Իրաքցի օգտատէրեր անցնող օրերուն իրենց գրառումներով «կրակ» ժայթքած են արաբական աշխարհի հանրայայտ աստղերէն ՝ Ռաղէպ Ալամային դէմ։

Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ  «Ալ Նահար» պարբերականի կայքէն։

Կը նշուի, որ օրեր առաջ համերգ տալու  համար Ամման գտնուած Ալամէ լուսանկար մը հրապարակած է  Յորդանանի մէջ Իրաքի դեսպան ՝ Հայտար Ազարիին եւ անոր կնոջ հետ։

 Ըստ իրաքցի օգտատէրերուն այդ լուսանկարները «անպաճոյճ» են եւ չեն յարգեր դեսպանին դիւանագիտական վարկն ու էութիւնը։

Իր կարգին Ալամէ   գրառումներ կատարելով պատասխան տուած է զինք դատապարտողներուն    մասնաւորաբար գրելով, որ «Աստուծմէ կը խնդրեմ, որ բոլոր նախանձներն ու ոխերիմները հեռու պահէ մեզմէ...»։ Ալամէ նաեւ նշած է, որ դեսպանին  եւ անոր  ընտանիքի բոլոր անդամներուն հետ ունի բարեկամական  յարաբերութիւններ եւ այդ յարաբերութիւնները նորութիւն մը չեն։

 Նշենք, որ  վաղ 80- ականններուն երգարուեստի ոլորտին մէջ իր անունը հաստատած Ռաղէպ Ալամէ այսօրուան կտրուածքով կը համարուի, ոչ միայն Լիբանանցի  այլ անոր անունը արժէքաւորուած է  արաբական աշխարհին ու նաեւ  աշխարհով մէկ տարածուած արաբական համայնքներուն մէջ։