image

Լիբանանցի անուանի երգիչին նախկին կինը ուղիղ եթերով փորձած է անձնասպան ըլլալ. (Տեսանիւթ)

Լիբանանցի անուանի երգիչին նախկին կինը ուղիղ եթերով փորձած է անձնասպան ըլլալ. (Տեսանիւթ)

 Լիբանանցի հանրայայտ երգիչ ՝ Ժորժ Ալ Ռասիի նախկին կինը՝ Ժոէլ Հաթէմ փորձած է անձնասպանութիւն գործել։

Հաթէմ, որ կարճ տեսանիւթ մը տարածած է, իր խօսքը միակ որդւոյն ՝ Ճոյին ուղղելով մասնաւորապէս նշած է, թէ իր այս արարքին գլխաւոր պատճառը իր նախկին ամուսին ու անոր հարազատներն են։

 «Երբեք չէի պատկերացներ, որ ես այս քայլին պիտի դիմեմ։ Այլ ճար չունիմ սիրելի Ճօ եւ գիտցիր ինչքան կը սիրեմ քեզ» ըսած է Ժոէլ, եւ իր խօսքը աւարտելէ ետք ալ մեծ քանակութեամբ դեղապահեր կլլած։ 

Յիշեցնենք, որ հանրայայտ երգիչ Ժորժ Ալ Ռասի մահացած էր 2022 թուականին եւ այդ մասին «Արեւելք» մանրամասնօրէն գրած էր։

Երեւելի է նաեւ, որ նոյնիսկ իրենց ապահարզանէն ետք նախկին ամուսինները անհատական ֆոնի լուրջ խնդիրներ ունեցած են, որուն հետեւանքով ալ փոքրիկն Ճօն հեռու պահուած է իր մօրմէն։

 

 Լրատուական աղբիւրներ, որոնք լայնօրէն տարածեցին այս լուրը նաեւ ըսած են, որ շնորհիւ իր ընկերներու ջանքերուն Ժոէլ Հաթէմ արագօրէն փոխադրուած է հիւանդանոց ու ստացած է համապատասխան բուժում եւ փրկուած ստոյգ մահէ։