Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի սիրուած երգիչը զոհ՝ ինքնաշարժի արկածի (Լուսանկար)

Լիբանանցի սիրուած երգիչը զոհ՝ ինքնաշարժի արկածի (Լուսանկար)

Լիբանանցի երիտասարդ եւ տաղանդաւոր երգիչ Ժորժ Ալ Ռասի մահացած է ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով։

Այս մասին «Արեւելք» լուր քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 Կը նշուի, որ Ռասի ինքնաշարժը գրեթէ «ճզմուած» գտնուած է Սուրիա-Լիբանան միջազգային մայրուղիի  մէկ հատուածին վրայ։

Լրատուական աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, որ ան կը գտնուէր Սուրիա համերգի մը համար։

 

 16  Տարեկանէն սկսեալ երգարուեստի մէջ փայլուն յաջողութիւններու հասած Ռասի ամուսնալուծուած էր եւ անոր նախկին կինը Ժոէլ Հաթէմ (իր կարգին նորաձեւութեան աստղ մը) սրտառուչ գրառում մը կատարած էր դէպքին մասին գրելով «Տէր Յիսուս անկարող եմ այս վիճակին, հասիր ինծի ...»։