image

Լիբանանահայ Պատմաբան Վահէ Թաշճեան Պիտի Դասախօսէ Երեւանի Մէջ

Լիբանանահայ  Պատմաբան   Վահէ Թաշճեան   Պիտի Դասախօսէ Երեւանի Մէջ

  Հայաստան-Գերմանիա բնակող   պատմաբան՝ Վահէ Թաշճեան   յառաջիկայ    31 Յուլիսին     պիտի դասախօսէ  Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Թաշճեանի   դասախօսութան  նիւթը կը կրէ «Օսմանեան կայսրութեան հայերու Պատմագրութեան հարցեր» խորագիրը : Թաշճեան  իր   այս    դասախօսութեամբ  պիտի  անդրադառնայ օսմանեան  հայերու պատմագրական ժառանգութեան  հարցերուն եւ  ազգային միատարրութեան խնդրին ինչպէս նաեւ օսմանեան  պետութեան եւ միւս  ազգութիւններուն հետ  անոնց յարաբերութիւններուն: Դասախօսութիւնը պիտի կայացուի  «Ականաթ»  ցուցասրահէն ներս: Վ. Թաշճաեն ծնած է Պէյրութ: Իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս  իսկ  դոկտորականը  պաշտպանած՝  Փարիզի  հասարակական գիտութիւններու   բարձրագոյն ուսման դպրոցին մէջ / Ecole des Hautes Etudes en Sciences Sociales/:  Ան ներկայիս Պէրլինի մէջ  կը  վարէ« Յուշամատեան» հետազօտական ծրագիրը , որուն  նպատակն է  վերականգնել   օսմանեան  կայսրութեան մէջ ապրած  հայերու  յիշողութիւնները, տեղական  պատմութիւնն ու հասարարական միջավայրը:   Թաշճեան հրապարակած է    մի քանի պատմական ուսումասիրութիւններ: