Հայաստան-Գերմանիա բնակող պատմաբան՝ Վահէ Թաշճեան յառաջիկայ 31 Յուլիսին պիտի դասախօսէ Երեւանի մէջ: Նշենք, որ Թաշճեանի դասախօսութան նիւթը կը կրէ «Օսմանեան կայսրութեան հայերու Պատմագրութեան հարցեր» խորագիրը : Թաշճեան իր այս դասախօսութեամբ պիտի անդրադառնայ օսմանեան հայերու պատմագրական ժառանգութեան հարցերուն եւ ազգային միատարրութեան խնդրին ինչպէս նաեւ օսմանեան պետութեան եւ միւս ազգութիւններուն հետ անոնց յարաբերութիւններուն: Դասախօսութիւնը պիտի կայացուի «Ականաթ» ցուցասրահէն ներս: Վ. Թաշճաեն ծնած է Պէյրութ: Իր համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս իսկ դոկտորականը պաշտպանած՝ Փարիզի հասարակական գիտութիւններու բարձրագոյն ուսման դպրոցին մէջ / Ecole des Hautes Etudes en Sciences Sociales/: Ան ներկայիս Պէրլինի մէջ կը վարէ« Յուշամատեան» հետազօտական ծրագիրը , որուն նպատակն է վերականգնել օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած հայերու յիշողութիւնները, տեղական պատմութիւնն ու հասարարական միջավայրը: Թաշճեան հրապարակած է մի քանի պատմական ուսումասիրութիւններ: