Մեծ յոյսեր չունին Լիբանանցիք, որ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին մէջ «մոլեգնած» ելեկտրականութեան տագնապը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, որ մասնաւորապէս «Զահրանի»ի եւ «Տէյր ամար»ի երկու գլխաւոր գործարաններու ամբողջական դադրեցումէն ետք Լիբանան պիտի մտնէ համընդհանուր մթութեան փուլ մը։
Իր կարգին գերմանական «Տէօչէ վէլէ» կայանը, իր պէյրութեան աղբիւրներուն յղում տալով նշած է, որ վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը կը ծրագրէ բանակցութիւններ վարել Ալճիրիոյ հետ, այդ երկրէ «Ֆիոլ օյլ» ստանալու նապատակով։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ առկայ ելեկտրականութեան տագնապը նորութիւն չէ, սակայն այն աւելիով ծանրացաւ երկրին մէջ տնտեսական տագնապի ծաւալումէն եւ երկրի արժեդրոյթին՝ լիրային մեծ անկումէն ասդին։
Քաղաքական բազմակողմանի խնդիրներով ծանրացած երկրի օրակարգը կրնայ աւելիով թէժանալ, եթէ Լիբանան անգամ մը եւս մտնէ «համընդհանուր մթութեան» փուլին մէջ։