Շարահիւսութիւն
1. Ստորադասական շաղկապներ
Որքան աղքատ էր կամ բացակայ յարաբերական դերանունը, նոյնքան աղքատ է թրքերէնի ստորադասական շաղկապը. թէեւ այստեղ կը գտնենք մէկ-երկուքը, ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ:
--her ne kadar
Այս միաւորը խորքին մէջ ամբողջ բառակապակցութիւն մըն է, որ բառացի կը նշանակէ «որքան ալ ըլլայ» եւ կը համապատասխանէ հայերէնի թէեւ, այսուհանդերձ ստորադասական շաղկապներուն. ասով թրքերէնը կը կազմէ զիջման (concession) պարագայ երկրորդական նախադասութիւն:
Զիջման կը կոչենք այնպիսի բարդ նախադասութիւնները, որոնց ստորադաս անդամը գլխաւորէն բխող իրողութեան հակառակը ցոյց կու տայ. օրինակ՝
O bir irelirmiş adam (dır), her ne kadar mahçup kalmış (olsa):
Ան մէկ յառաջադէմ մարդ (է), որքան ալ խեղճ մնացած (ըլլայ):
Նկատել, որ պարտաւորիչ չէ էական երկու փակագծեալ բայերու կիրարկութիւնը. աւելի ճիշդը՝ ազատ է. թուրքը ընդհանրապէս չի գործածեր զանոնք, եւ հաղորդակցութիւնը չի տուժեր ատկէ:
Գալով իմաստին՝ յառաջադէմ ըլլալուն՝ կ’ակնկալուէր, որ բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրէր, սակայն ահա խեղճ մնացած է ան. այս է զիջողութիւնը, հակասութիւնը ակնկալութեան եւ տիրող իրողութեան միջեւ:
--rağmen
Կը հնչէ «ռայմեն» եւ կը նշանակէ «հակառակ որ», «չնայած որ». սա իր կարգին զիջման պարագայ ցոյց կու տայ:
Mevsim kış olmasina rağmen hava soğuk değil.
Եղանակը ձմեռ ըլլալուն հակառակ օդը ցուրտ չէ:
Ձմեռ ըլլալուն՝ կ’ակնկալուէր, որ եղանակը ցուրտ ըլլար, բայց ահա այդպէս չէ. ակնկալուած ցուրտը չկայ:
Նկատել շարադասութեան ամբողջական համապատասխանութիւնը երկու լեզուներուն միջեւ:
--halde
Վիճակ բառի ներգոյականն է՝ վիճակի մէջ. ի վիճակի, որ իբրեւ զիջման ստորադասական շաղկապ կը ծառայէ. կը նշանակէ՝ հակառակ տուեալ վիճակին. Hasta olduğu halde okula gitmek istyor.
Հիւանդ ըլլալուն հակառակ դպրոց(ի) երթալ կ’ուզէ կոր:
Ուրեմն՝ okula “դպրոցին”՝ տրական, ուր հայերէնը դպրոց կ’ըսէ՝ հայցական:
--se
Հայերէնի եթէ շաղկապն է, որ պայմանի պարագայ ստորադաս նախադասութիւն կը կազմէ. օրինակ՝
Isdemezseniz de size yardımcı olacağım.
Եթէ չուզէք ալ ձեզի օգնական պիտի ըլլամ:
Zengin olsa bile benim bir iki parça malımda gözü var.
Հարուստ եթէ ըլլայ իսկ իմ մէկ-երկու կտոր ինչքիս աչքը կայ:
--bu yüzden
Կը նշանակէ այս երեսէն, այսինքն՝ պատճառով, հետեւանքով. օրինակ՝
Siz çok korktunuz, bu yüzden bir silah getirdiniz.
Դուք շատ վախցաք, այս երեսէն մէկ զէնք բերիք:
Bütün mülkümü kaybettim, bu yüzden yardımına ihtiyacım var.
Ամբողջ ինչքս կորսնցուցի, այս երեսէն օգնութեանդ կարիքս կայ:
--bu neden le
Բառացի կը նշանակէ՝ այս ինչով, որ կը թարգմանուի ահա թէ ինչու, ուստի, հետեւաբար. կը կազմէ հետեւանքի պարագայ նախադասութիւններ. օրինակ՝
Çօk yorulmuşudum bu neden le evime gittim.
Շատ յոգնած էի, այս ինչով տունիս գացի:
Նկատել՝ աշխարհաբար տուն հայցականի, իսկ գրաբար ի տուն-ի փոխարէն թրքերէնը տրական կը դնէ:
Yediklerini kendiler bilirler, bu neden le mideleri sızılaşdı.
Կերածնին իրենք գիտեն, այս ինչով ստամոքսնին կսկծաց:
--Çünkü
Որովհետեւ. Ստուգաբանօրէնկը նշանակէ՝ «ինչու որ». թրքերէնի ամէնէն կայացած ու բանուկ ստորադասական շաղկապներէն , որ կը կազմէ պատճառի պարագայ երկրորդական նախադասութիւններ. օրինակ՝
Dostum gelemedi, çünkü treni kaçırmış.
Բարեկամս չկրցաւ գալ, որովհետեւ գնացքը փախցուցեր է:
--Madem ki
Քանի որ. սա իր կարգին պատճառի պարագայ կազմող շաղկապ է.
Madem ki konuşmak istemyorsun, o gelmeden hemen gidelim.
Քանի որ խօսիլ չես ոզեր կոր ան չեկած՝ իսկոյն մեկնինք:
Madem ki tekrar tekrar yemin ediyor, ona inanmalıyız.
Քանի որ կրկին-կրկին երդում կ’ընէ կոր, անոր հաւատալու ենք:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com