image

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (22)

Լեզուական փեթակ՝ Պուրճ Համմուտը (22)

Շարահիւսութիւն

            1. Շաղկապական  բառեր

            Հնդեւրոպական լեզուները թրքերէնէն եւ թրքական լեզուներէն զանազանող հիմնական կէտերէն մէկը՝ այս վերջիններուն  շաղկապական բառերու, այսինքն՝ յարաբերական դերանուններու եւ ստորադասական շաղկապներու մերթ ամբողջական բացակայութիւնն է, մերթ   անսովոր խեղճութիւնը:

            ա) Հարցական դերանուններ

            Բոլոր հնդեւրոպական լեզուներու մէջ հարցական դերանունները՝ ո՞վ, ի՞նչ, ինչո՞ւ, ո՞ր, ո՞ւր, ե՞րբ, որքա՞ն, ինչպէ՞ս,  միաժամանակ յարաբերական դերանուն են, այլ խօսքով՝ բերուած բառերով կարելի է առանձին հարցումներ ուղղել. օրինակ՝

            --Ո՞ր գիրքը կարդացիր:

            --Ո՞ւր կ’ուզես ճամբորդել:

            Միւս կողմէ՝ այդ նոյն բառերով կարելի է կապել բարդ նախադասութեան բաղադրիչները. օրինակ՝

            --Շատ հետաքրքրական էր այն գիրքը, որ կարդացի:

            --Վերջապէս յստակացաւ  այն երկիրը, ուր պիտի ճամբորդենք:

            Թրքերէնը ունի որոշ հարցական դերանուններ, ինչպէս՝

            ki՞m - ո՞վ,         ne՞ - ի՞նչ     kaç – քանի՞      ha՞ngı - ո՞ր    ne՞re – որտե՞ղ

            ne՞vakt - ե՞րբ   ne՞kadar - որքա՞ն,    na՞sıl-ինչպէ՞ս        ni՞ye-ինչո՞ւ

            Ասոնց մէջ աւելի կամ պակաս հոլովելի են՝  kim, ne, hangı, nere:

            Ծանօթ.− Ընդգծած ենք այն դերանունները, որոնց  շեշտը կը տարբերի յարաբերաբար հայերէնի. թրքերէնը  շեշտած է միշտ վերջընթեր  ձայնաւորը, մինչ հայերէնը  կը շեշտէ  վերջին ձայնաւորը: Այս զանազանումը երկար ժամանակ խլած է մեզմէ, թող որ շատեր տակաւին կը շեշտեն թրքերէնի ոճով՝ ո՞րքան, ի՞նչպէս, ի՞նչու... Այսպէս է   «Մարմարա»-ն, որ մինչեւ իսկ  ինչպիսի  կը շեշտէ թրքերէնի ազդեցութեան տակ՝ ի՞նչպիսի:

            Եւ կրնայ ասոնցմով ուղղել առանձին հարցումներ. օրինակ՝

            --Hangi kitabı  okudun?

               Ո՞ր գիրքը կարդացիր:

            --Nereye  dolaşmak istersin ?

               Ո՞ւր կ’ուզես ճամբորդել:

            Սակայն ան չի կրնար  կազմել համապատասխան բարդ նախադասութիւնները, որ վերը կազմեցինք  հայերէնի յարաբաերական դերանուններով:

            Այլ կը գոհանայ ըսելով՝

            --Կարդացած գիրքս շատ հետաքրքրական էր:

            --Վերջապէս յստակացաւ ճամբորդելիք երկիրս:

            Այլ խօսքով, հայերէն ստորադասական բարդ  կառոյցներուն փոխարէն ունինք պարզ անկախ նախադասութիւններ, որոնց մէջ հայերէնի ստորադաս բաղադրիչները վերածուած են դերբայական դարձուածներու՝ կարդացած գիրքս եւ ճամբորդելիք երկիրս:  

            Այսպէս է,  քանի որ բերուած հարցական դհրանունները ընդունակ չեն  յարաբերութիւն հատատել:

            Ծանօթ.− Անգլիացի պատմաբան Arnold Toynbee հետեւեալ գնահատականը տուած է այս կացութեան. «Թրքերէնի մեծագոյն տկարութիւնը անոր յարաբերական դերանունէ զրկանքն է  եւ ի զուր, զայն հատուցելու համար, ան կը դիմէ այլազան  մակբայներու» (A study of history, vol. III, p. 178):

            Կրնաք մտածել, որ այս ոճը՝ «կարդացած գիրքս», խորթ չէ հայերէնին: Ճիշդ է: Ան խորթ չէ, աւելի ճիշդը բացառուած չէ հայերէնի մէջ: Այսպէս կը մտածէք, որովհետեւ ձեր աչքերը բացած էք եւ ապրած էք այդ ոճի մտերմութեան մէջ, որ աշխարհաբարը դարեր առաջ  ժառանգեց թրքերէնէն. գրաբարը, օրինակի համար, չի կրնար  կառուցել  նման նախադասութիւն մը,  զայն չի կրնար կառուցել ձեզի ծանօթ հին ու նոր եւրոպական լեզուներէն եւ ոչ մէկը՝ բացի աշխարհաբար հայերէնէն եւ... թրքերէնէն:  Եւ ի զուր չէ, որ եւրոպացի լեզուաբաննրը կը համարին, որ հնդեւրոպական լեզուներէն միայն հայերէնն է, որ կցական է (agglutinant), իսկ կցականութեան ախոյեանը, ինչպէս գիտէք,  թրքերէնն է:

            Գալով անոր որակին, ապա ոճաբանական տեսակէտէ բարդ ստորադասական նախադասութիւնը անհամեմատ  աւելի ընտիր է, քան անոր դերբայական դարձուածով փոխարինուած տարբերակը:

            Այս առաւելութիւնը  երկանդամ բարդ նախադասութեան մակարդակին կրնայ այնքան ալ զգալի կամ վճռական չըլլալ, եւ փաստօրէն բոլորս ալ աւելի կամ պակաս կը դիմենք  դերբայական դարձուածով տարբերակին: 

            Սակայն բարդ նախադասութիւնը՝ ծաւալի առումով, կրնայ շատ աւելի հեռուները երթալ. օրինակ՝

            --«Շատ հետաքրքրական էր այն գիրքը, որ կարդացի եւ որուն բովանդակութիւնը բոլորովին նոր սլացք մը տուաւ մտածողութեանս»:

            Սա արդէն այլեւ կարելի չէ դերբայական դարձուածներով կառուցել, հայերէնի  կցականութեան դրամագլուխը այստեղ կը սպառի: Իսկ թրքերէնը պարտաւոր է կազմելու եւ... կը կազմէ: Կարելի է միայն երեւակայել ոճաբանական այն որակը, որ կրնայ  նման կառոյց մը ունենալ:

            Թուրք գրականութեան յատկապէս օսմաներէն տարբերակին մէջ շատ սովորական եղած  են նախադասութիւններ, որոնք  մինչեւ   15-20 տողէ կազմուած ըլլան եւ բովանդակեն ընդամէնը մէկ դիմաւոր բայ՝ դերբայական անհամար կուտակումներով:

            

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com