Թրքերէնի բայական համակարգը
1. ժխտում
Թրքերէնը ունի բայական ժխտումի այլազան միջոցներ:
ա) Բուն ժխտական
Կը կազմուի ժխտական դիմային եզակի մասնիկներով՝ m.am, m.an, m.az, որոնք ուղղակի կ’աւելնան բայարմատին վրայ. այսպէս՝
al.mam al.man al.maz
չեմ առներ չես առներ չ’առներ
Յոգնակի դէմքերը կը կազմուին էական բայի համապատասխան մասնիկներով, որոնք կ’աւելնան եզակի երրորդ դէմքի վրայ. այսպէս՝
չենք առներ չէք առներ չեն առներ
Ասոնց բառացի թարգմանութիւնը կու տայ՝ չ’առներ ենք, չ’առներ էք, չ’առներ.ներ: Ասոնք չտեսնուած կառոյցներ են հնդեւրոպական լեզուներու եւ անոնց բարբառներուն մէջ:
Almaz “չ’առներ” դիմային կառոյցը իբրեւ բայահիմք կիրարկելով, կը կազմուին ժխտական նոր ձեւեր էական բայի եւ զանազան ածանցներու կցումով.
--Ընդհանրական ներկայ եւ անցեալ՝ almaz + էական բայ
al.maz.ım al.maz.sın al.maz al.maz.ık al.maz.sınız al.maz.lar
al.maz.ıdım al.maz.ıdın al.maz.ıdı al.maz.ıdık al.maz.ıdınız al.maz.ıdı.lar
Ասոնց բառացի թարգմանութիւնը կու տայ՝
Ներկան՝ չ’առներ եմ... չ’առներ ենք...
Անցեալը՝ չ’առներ էի... չ’առներ էինք...
Իսկ գ. դէմք յոգնակին կը թարգմանուի չ’առներներ:
Ասոնք հայեցի լեզուամտածողութեամբ անհեթեթ կառոյցներ են, սակայն այսպէս կը մտածէ թուրքը, եւ նման մտածողութիւնը որեւէ ձեւով չի խանգարեր անոր հաղորդակցական շղթան:
--Վաղակատար ներկայ եւ անցեալ` almaz + mış + էական բայ
al.maz.mış. ım... al.maz.mış. ıdım...
չեմ առած չէի առած
Ասոնք կը թարգմանուին նաեւ իբրեւ վերաբերական երկբայական կամ նաեւ հեգնական ձեւեր, այսինքն՝ չեմ առներ եղեր-իբրեւ թէ չեմ առներ եւ չէի առներ եղեր-իբրեւ թէ չէի առներ եղեր:
--Պայմանական ներկայ եւ անցեալ՝ almaz + sa + դիմորոշ յօդ կամ էական բայ
al.maz.sam al.maz.san al.maz.sa al.maz.sak al.maz.sanız al.mz.sa.lar
չառնեմնէ չառնեսնէ չառնէնէ չառնենքնէ չառնէքնէ չառնեննէ
al.maz.say.dım …dın …dı al.maz.say.dık …dınız …dı.lar
չառնէինէ… չառնէինքնէ…
Ծանօթ.− Մեր թարգմանութեանց մէջ մտնող «նէ» մասնիկը, որ տիրական էր արեւմտահայ բարբառներուն մէջ եւ կատարալապէս կը թարգմանէր թրքերէնի «sa» պայմանական ածանցը, ծագումով հայկական է եւ ոչինչ կը պարտի թրքերէնին. հակառակ ասոր մեր բարենորոգիչները պայքարեցան անոր դէմ՝ միշտ ու ամէն տեղ զայն փոխարինելով «եթէ» պայմանական շաղկապով: Սա իր կարգին բանաւոր խօսքի մէջ շատ յաճախ գլուխ կը ցցէ, ինչպէս կոր-ը:
բ) Alamam
Կը նշանակէ «չեմ կրնար առնել». «չեմ առներ»-էն կը տարբերի միայն մէկ ձայնաւորով`m > am, եւ այդ մէկ ձայնաւորին մէջ ալ թաքնուած է «կարենալ» բայի նշանակութիւնը, մինչ դրական նշանակութիւնը արտայայտելու համար թրքերէնը կը կիրարկէ bilmek “գիտնալ ” բայը, որ տեսանք նախորդ՝ 19-րդ յօդուածով. բաղդատել՝
al. ır. ım > al.a.bilir.im al.m.am > al.am.am
կ’առնեմ կրնամ առնել չեմ առներ չեմ կրնար առնել
Այս am ածանցը ունի em տարբերակը եւս. օրինակ՝ gid.m.em > gid.em.em:
2. Համադրական տախտակ al.m.am եւ al.am.am յարացոյցի
ա. ընդհանրական ներկայ almam alamam
բ. ընդհանրական անցեալ almazıdım alamazıdım գ. անկատար ներկայ almıyorum alamyorum
դ. անկատար անցեալ almıyordum alamıyordum
ե. անցեալ կատարեալ almadım alamadım
զ. ըղձական ներկայ almayım alamay ım
է. ըղձական անցեալ almayıdım alamay ıdım
ը. վաղակատար ներկայ almamışım alamamışım
թ. վաղակատար անցեալ almamışıdım alamamışıdım
ժ. պայմանական ներկայ almazsam alamazsam
ժա. պայմանական անցեալ almazsaydım alamazsaydım
ժբ. հարկադրական ներկայ almamalıyım alamamalıyım
ժգ. հարկադրական անցեալ almamalıydım alamamalıydım
ժդ. ապառնի ներկայ almacağım alamacağım
ժե. ապառնի անցեալ almacağıdım alamacağıdım
ժզ. հրամայական a՛lma-a՛lmasın ala՛ma-ala՛masın
a՛lmanız-ala՛manız a՛lmasınlar-ala՛masınlar