image

Լաւրով-Պայրամով- Միրզոյեան հանդիպումը պիտի չկայացուի

Լաւրով-Պայրամով- Միրզոյեան հանդիպումը պիտի չկայացուի

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեռ 4 հոկտեմբերին գրաւոր տեղեկացուցած է Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործադիր կոմիտէին, որ 12 հոկտեմբերին Պիշքէքի մէջ նախատեսուող Պետութիւններու Համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցի ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը։

Այս մասին Tert.am-ի հարցին ի պատասխան յայտնած է արտաքին գործոց փոխնախարի խօսնակ Անի Բադալեանը։

Յիշեցնենք՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին ըսած էր, որ 12 հոկտեմբերին Պիշքէքի մէջ՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովի միջոցառումներու շրջածիրէն ներս կրնայ կայանալ Ռուսիոյ Դաշնութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած էր, որ Պաքուն իր համաձայնութիւնը տուած է, եւ հիմա կողմերը կը սպասեն պաշտօնական Երեւանի պատասխանին:

Ըստ էութեան կը ստացուի, որ Լաւրով-Պայրանով- Միրզոյեան հնարաւոր հանդիպումը պիտի չկայանայ։