Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը մայիս 20-21-ն աշխատանքային այցով պիտի այցելէ Երեւան: Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Լաւրովը պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ երկկողմ օրակարգի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ քննարկելու համար։
«Օրակարգին մէջ ներառուած է երկկողմ համագործակցութեան, եւրասիական համարկման միաւորումներու միջոցով փոխգործակցութեան, միջազգային հարթակներու վրայ, առաջին հերթին՝ ՄԱԿ-ի մէջ, դիրքորոշումներու համակարգման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի քննարկում»,- յայտնած են նախարարութենէն։
Նախատեսուած են բանակցութիւններ նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ։
«Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները միտքեր պիտի փոխանակեն տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներու հեռանկարներու վերաբերեալ։ Նախատեսուած է 2025-2026-ի միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններու ծրագրի ստորագրում», – հաղորդած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ռուսիոյ գլխաւոր դիւանագիտական կառոյցէն նշած են, որ «Մոսկուան կ՚ակնկալէ, որ այցը պիտի նպաստէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական եւ միջգերատեսչական երկխօսութեան ամրապնդման, պիտի յանգեցնէ փոխըմբռնման աճի եւ կողմերէն իւրաքանչիւրի համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու փոխադարձաբար ընդունելի լուծումներ գտնելու»։
Սերկէյ Լաւրովը վերջին անգամ Հայաստան այցելած է 2022-ի յունիսին։