image

Լաւրով խօսած է պատերազմի աւարտի ժամկէտներու մասին

Լաւրով  խօսած է  պատերազմի աւարտի  ժամկէտներու մասին

Ռուսաստանի Զինուած ուժերու յատուկ ռազմական գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ պիտի աւարտին նախանշուած նպատակներուն հասնելուն պէս: Այս մասին յայտնել է Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք կ'աւարտի՞ ռազմական գործողութիւնը մինչեւ Մայիս 9, Լաւրով նշած է, որ պէտք է հասնիլ յատուկ գործողութիւններու նպատակներուն:

Լաւրով նաեւ յիշեցուցած է Արեւմուտքին, որ որեւէ զէնք կամ սպառազինման մատակարարում Ուքրանիա օրինական թիրախ պիտի ըլլայ ռուսական հարուածներուն համար:

Ան յայտարարած է նաեւ, որ Ռուսաստանը չի կրնար թոյլ տալ, որ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները տարածուին Խրիմի, Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ժողովրդավրական հանրապետութիւններուն վրայ: