image

«Կոչ կ’ուղղեմ, որ այս տարի մեր արմատները աւելի խորացնենք հաւատքի եւ առաքինութեան մէջ». Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան 

«Կոչ կ’ուղղեմ, որ այս տարի մեր արմատները աւելի խորացնենք հաւատքի եւ առաքինութեան մէջ». Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան 

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

Նոր տարուան սեմին, մեր սիրտերը կը լեցուին նոր յոյսով եւ սպասումով: Այս առիթով կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլորդ եւ ձեզի փոխանցել ի սրտէ մեր մաղթանքները՝ հիմնուած մեր հաւատքի ուժին ու ազգային արժէքներուն վրայ:

Թող 2025 թուականը ըլլայ խաղաղութեան, սիրոյ եւ միութեան տարի։ Թող Աստուծոյ օրհնութիւնն ուղեկցի մեզ ամէն քայլափոխի, եւ մենք՝ իբրեւ մէկ ժողովուրդ, գտնենք ներողամտութեան, յուսադրութեան եւ վերականգնման ուժ։

Նոր տարին իր հետ կը բերէ նոր էջեր գրելու առիթներ։ Կոչ կ’ուղղեմ, որ այս տարի մեր արմատները աւելի խորացնենք հաւատքի եւ առաքինութեան մէջ, պահենք եւ փոխանցենք մեր ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն եւ միասին կերտենք պայծառ ապագայ։

Թող Աստուած միշտ պահապան ըլլայ մեր ազգին, շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Աստուածային օրհնութիւն ձեզի բոլորիդ:

 

Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝
Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան