Կիպրոսի մէջ խումբ մը հայրենակիցներ օրերս ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով մեծ քանակութեամբ դեղօրայք հաւաքած են յանուն Լիբանանի հայութեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Կիպրոսէն։
Նշենք նաեւ նախաձեռնութեան մասին իր էջին գրառումով մը հանդէս եկած է Կիպրոսի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուն։
Յակոբ Գազանճեան մասնաւորապէս գրած է, թէ «Լիմասոլի ՀՅԴ Նորայր Յովաննէսեան խումբի ընկերները, վերջին երկու ամիսներու ընթացքին΄ յատուկ պատուիրուած դեղերու ցանկով մը, մեծ քանակութեամբ դեղորայք հաւաքեցին Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար։
Արդէն, բոլոր արկղները փոխանցուած են ՀՅԴ Լիբանանի կեդոնական կոմիտէի ԿԱՄՔ մարմնին որուն աշխատանքներու բաժանումը կատարուեցաւ Երեսփոխանական Գրասենեակի եւ ԼՕԽ-ի կողմէ։
Աշխատանքի առաջին փուլը, որ կը կազմէ 27,500 եւրօ արժողութեամբ դեղորայք, հասած է իր աւարտին։ Այս առթիւ, կ΄ուզենք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Codal Cynto ընկերութեան, որ անշահախնդիր հայթայթեց դեղերը։
Յատուկ շնորհակալութիւն Ինկա Մինասեանին որ մեր կողքին աշխատեցաւ եւ իր ջանքերուն շնորհիւ մեծ քանակութեամբ դեղորայք ստացանք։
Վերջապէս, մեր շնորհակալութիւնները կ’երթան, կիպրոսի ՀՕՄ-ի Սօսէ մասնաճիւղին, դեղերու փոխադրութեան գծով ցուցաբերած նիւթական աջակցութեան համար»։