Lիբանանեան թատրոնը կորսնցուցած է թատերական դերասան դերասան Խըտըր Հասան Ալաա Ալտինը` հանգուցեալ դերասան Հասան Ալաա Ալտինի որդին` յայտնի «Շուշու» ծածկանունով, մահացած է սրտի կաթուածէ:
Դերասան Զիատ Իթանին թուիթըրեան գրառումով սգացած է իր զարմիկին մասհը. «Սրտի կաթուածի պատճառով Մահացած է զարմիկս` Խըտըր Հասան Ալաա Ալտինը, ով յայտնի էր «Շուշու» կերպարով: ...Աստուած ողորմի անոր հոոգւոյն»:
Նշենք, որ դերասանը յիսուն տարեկան էր:
Դերասանին հայրը՝ Հասան Ալաա Ալտինը՝ Շուշուն, Լիբանանի ազգային թատրոնի հիմնադիրներէն մէկը, կատակերգու դերասան էր, որ որդեգրեց հեգնական մօտեցումը, իսկ իր որդին՝ Խըտըր Ալաա Ալտինը դարձեալ ներկայացուց իր հօր կտորները: Ան յաջողութիւններու հասաւ, բայց աջակցութեան պակաս ունէր իր ասպարէզը շարունակելու համար: