image

Խոշոր հրդեհ` Երեւանի «Դոմուս» կահոյքի սրահին պահեստային տարածքին մէջ (Լուսանկարներ)

Խոշոր հրդեհ` Երեւանի «Դոմուս» կահոյքի սրահին պահեստային տարածքին մէջ (Լուսանկարներ)

Հրդեհ բռնկած է Երեւանի Իսակովի պողոտային վրայ գտնուող «Դոմուս» կահոյքի սրահի պահեստային տարածքին մէջ, յայտնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը։

«Հոկտեմբերի 7-ին, ժամը 12:57-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ է ստացուել, որ հրդեհ է բռնկուել Երեւան քաղաքի Իսակովի պողոտայում գտնուող «Դոմուս» հիպերմարկետի պահեստային տարածքում: Հրդեհի բարդութիւնից ելնելով յայտարարուել է հրդեհի բարդութեան «Թիւ 3» կանչ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Դէպքի վայր մեկնած է տասը հրշէջ-փրկարարական հաշուարկ։

Տուժածներու մասին այս պահուն տեղեկութիւն չկայ։ Դեռ յայտնի չէ հրդեհի պատճառը։