image

Խրատ տալէն աւելի օգնելու ժամանակն է

Խրատ  տալէն աւելի  օգնելու ժամանակն է

 Ամերիկահայ   ազգային-քաղաքական գործիչ՝  Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան կը գրէ ՝

 

Ողջունելի է, երբ մտահոգ հայրենակիցներ կ՚առաջարկեն ծրագրել, կազմակերպել, եւ օժանդակել Միջին Արեւելեան երկիրներէ հայերու տեղափոխումը Հայաստան։ Իրօք նման ռազմավարական ծրագրումի եւ քայլերու կարիքը կայ։ Անշուշտ ծրագրումէ անկախ, նաեւ միջոցներ ստեղծելու, դիւրութիւններ ստեղծելու խնդիր կայ, ինչ որ ՀՀ իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս բոլորիս ուսերուն դրուած մարտահրաւէր է։ 

Սակայն, խրատ բաշխող մեր հայրենակիցներուն մի քանի խրատ ալ ես տամ։

- Երբ մարդասիրական աղէտ մը կայ, ինչպէս այսօր Լիբանանի մէջ է, առաջնահերթութիւնը մեր հայրենակիցներուն օժանդակութիւն հասցնելն է, եւ մնացած ռազմավարական նկատառումներն ու առաջարկները երկրորդ տեղ կը գրաւեն։ 

Այսօր - երէկուան մասին չէ խօսքը, եւ յուսամ ոչ ալ ապագայի - մարդիկ պէտք է ուտեն, դեղորայք օգտագործեն, մարդավայել ապրին։ Հետեւաբար, նախ եւ առաջ օժանդակեցէք, ապա՝ խրատեցէք։ Տեղափոխումները, մանաւանդ երբ մասսայական տարողութեամբ պիտի ըլլան, երկար ժամանակ 

կ ՚ենթադրեն, իսկ մինչ այդ կեանքեր փրկելու եւ առօրեան տանելի դարձնելու խնդիր կայ։

- Երբ կը խրատէք հայերու տեղափոխուիլ Հայաստան, այդ խրատը ուղղեցէք ոչ թէ միայն Սուրիոյ, Լիբանանի, կամ Միջին Արեւելքի հայութեան, այլ նաեւ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի, Գանատայի, Ֆրանսայի հայութեան՝ ուր մենք հայեր կը կորսնցնենք աւելի մեծ թափով քան Միջին Արեւելքի մէջ, որովհետեւ այդ միլիոններ հաշուող սփիւռքհայութեան մէջ կարեւոր տարողութեամբ ցուլում է որ տեղի կ՚ունենայ ամէն օր, ամէն վայրկեան։ Ուստի, եթէ հայապահպանում է ձեր փնտռածը, ապա ամբողջական եղէք։ Հոն մարդիկ չեն մեռնիր, բայց հայը կը մաշի։

- Վերջապէս, եթէ պիտի խրատէք Հայաստան տեղափոխուիլ, շատ լաւ բան կ՚ ընէք, մանաւանդ եթէ խրատին հետ գործ եւ ճիգ մը ցուցաբերէք։ Բայց շատ պիտի խնդրեմ որ Հայաստան տեղափոխուիլը որպէս հայրենասիրական արժէք չի ներկայացնէք, բացի եթէ Հայաստանի հողին վրայ երկրին եւ ժողովուրդին համար կը պայքարիք, կամ անոնց համար նպաստ կը բերէք: Հազարներով են այն հայերը որոնք սփիւռքի տարածքին բնակելով, մեծ նպաստ կը բերեն Հայաստանին, Հայ Ազգին, եւ Հայ Դատին, մինչ հազարներով հայեր ալ կան որոնք Հայաստան տեղափոխուած են, ու ճաշարանէ- ճաշարան իրենք իրենց հաճոյքը կը մատակարարեն։ Այս նոյն երեւոյթն է ինչ որ սփիւռքահայու այն անհեթեթ տպաւորութիւնը, թէ արձակուրդը Հայաստանի մէջ անցնելը կամ հոն հարսանիք կազմակերպելը ազգային պարտականութեան մը բաւարարումն է։ Այո, ասոնք շատ լաւ բաներ են, լաւ է որ ըլլան ու շատնան, որովհետեւ վերջապէս երկրի տնտեսութեան եւ մթնոլորտին կը նպաստեն. բայց բաւարար չեն, ու մանաւանդ սխալ է զանոնք որպէս անձնազոհութիւն ներկայացնել, որովհետեւ այդ մօտեցումը կը նուազեցնէ ակնկալութիւններու շեմը։

Հետեւաբար, մտահոգուինք ու ծրագրենք, բայց աւելի կարեւորը ՝ գործենք առաջին հերթին ստեղծուած մարդասիրական, ընկերա-տնտեսական անմիջական կարիքներ լուծելու, ու նաեւ աշխատանք տանելու որ ներգաղթը համահայկական տարողութեամբ, գիտակից ծրագրումով, ու աշխարհի բոլոր անկիւններէն հայերու հաւաքագրումով իրականութիւն դառնայ։