Խօսիլը լաւ է, սակայն` կուռ եւ կարճ: Ըսելիքը կարեւոր է, սակայն պիտի գիտնաս ճիշդ թիրախաւորուած միջավայրին ուղղել: Միտքերդ մի՛ կրկներ, ոչ ալ երկար-բարակ խօսելէ ետք, եթէ եզրակացութիւնը պարզապէս երկրորդելն է, նախընտրելի է սկիզբէն ըսես ու բաւարարուիս:
Աշխարհը օրէ օր արագ, կտրուկ, յստակ քայլերով կը յառաջանայ: Մենք ալ ճիգ պէտք է ընենք քայլ պահելու, որպէսզի լուսանցքէն դուրս չմնանք:
Ընդհանրապէս կայ մարդ, որ իր ըսելիքը կարճ-կտրուկ կ՛ըսէ: Կայ մարդ ալ, որ մինչեւ իր ըսելիքը ըսէ, դիմացինին համբերութիւնը կ՛օգտագործէ եւ բաւական տհաճ կացութիւն մը կը ստեղծէ:
Սակայն մեր կեանքին մէջ այս երկուքէն անդին ալ կան մարդիկ, որոնք կը խօսին ու կը խօսին, բայց ըսելիք չեն ունենար: Քուկդ ալ ճիշդ է` կ՛ըսեն, անորն ալ ճիշդ է` կ՛ըսեն: Ես ճիշդ նոյնը պիտի ըսէի` կ՛ըսեն կամ երկար-բարակ խօսելէ ետք կ՛ըսեն` կ՛երկրորդեմ նախորդ ըսուածը:
Նոյնն է պարագան ընկերային ցանցերուն վրայ:
Խօսելու սիրոյն խօսիլը լաւ չէ: Բնաւ չխօսիլն ալ ուրիշ խնդիր է: Լաւագոյն լուծումն է պէտք եղածը խօսիլ, ուրիշին խօսածը չկրկնել: Ըսելիք ալ ունենանք` հիմնաւորենք ու ըսենք: Պատմական անցեալէն չսկսինք մեր օրերուն հասնելու եւ բան մը ըսելու համար, այլ մեր ըսելիքը միայն ըսենք ու վերջ:
Եթէ այդ տրամաբանութեամբ գործենք, ժողովներն ալ կարճ կ՛ըլլան, գործերն ալ թափ կը ստանան, եւ մանաւանդ` ժամանակ ալ կը մնայ ուրիշ ծրագիրներ յաջողցնելու: Ոչ թէ խօսելու սիրոյն խօսինք եւ թէ՛ մթնոլորտը ճապաղեցնենք, թէ ալ աշխատանքային թափը կտրենք:
Դժբախտաբար խօսիլ սիրողները շատ են: Այնքան շատ, որ լաւ լսողներուն թիւը օրէ օր կը նուազի: Կայ կարեւոր այլ օղակ մըն ալ, որ խօսիլը չէ հիմնական հարցը, այլ` լսողի գոյութիւնը: Եթէ կը խօսիս անտեղի եւ սխալ հանրութեան, անիմաստ է եւ ապարդիւն: Պէտք է գիտնալ ո՛ւր խօսիլ եւ ի՛նչ խօսիլ:
Ուրեմն եզրակացնենք:
Խօսիլը լաւ է, սակայն` կուռ եւ կարճ: Ըսելիքը կարեւոր է, սակայն պիտի գիտնաս ճիշդ թիրախաւորուած միջավայրին ուղղել: Միտքերդ մի՛ կրկներ, ոչ ալ երկար-բարակ խօսելէ ետք, եթէ եզրակացութիւնը պարզապէս երկրորդելն է, նախընտրելի է սկիզբէն ըսես ու բաւարարուիս:
Աշխարհը օրէ օր արագ, կտրուկ, յստակ քայլերով կը յառաջանայ: Մենք ալ ճիգ պէտք է ընենք քայլ պահելու, որպէսզի լուսանցքէն դուրս չմնանք:
Յակոբ Լատոյեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն