Ամէն անգամ որ Ռուսաստան բարենպաստ դիրքորոշում մը կը պարզէ Հայաստանի նկատմամբ` պէտք է պատրաստուիլ յաջորդելիք հարւածին որ պիտի հասնի աւելի ուշ: Նախորդ շաբաթ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այցելեց Հայաստան եւ այնտեղ յստակացումներ կատարեց Զանգեզուրի միջանցքի մասին: Ան յայտարարեց որ երբ ճամբաները եւ երկաթուղիները սկսին գործել, անոնք ենթակայ պիտի մնան համապատասխան երկիրներու ինքնիշխանութեանց, ինչ որ կը նշանակէր Զանգեզուրի միջանցքը պիտի չենթարկուի Ատրպէյճանի իշխանութեան այլ պիտի պահպանէ իր հայկական գերիշխանութիւնը:
Այս յստակացումը անհրաժեշտ էր հայկական կողմին համար` իմանալէ վերջ նախագահ Ալիեւի սպառնալիքները Հայաստանի հողային ամբողջականութեան դէմ:
Լաւրովի այցելութեան օրերէն քիչ անց տարածաշրջան այցելեց նաեւ Ամերիկայի պետական փոխ-քարտուղար Քարըն Տանֆրիտ, որ ՙԱզատութեան՚ հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կատարեց կարգ մը դրական յայտարարութիւններ. օրինակ, կը կարծուէր որ Ուքրանիոյ պատերազմին պատճառով այնքան լարուած էին Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնները, որ անկարելի պիտի դարձնէր երկու կողմերու գործակցութիւնը Մինսքի խումբի ձեւաչափէն ներս, մանաւանդ որ Հայաստան իր վերջին յոյսը կապած էր այդ ձեւաչափին, որովհետեւ այդ խումբն էր որ կը շարունակէր պնդել որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը չէր սահմանուած եւ թէ այդ խնդիրը պիտի լուծուէր բանակցութեան միջոցաւ, առանց դիմելու ռազմական ոյժի:
Երբ հարցուեցաւ Տիկին Տանֆրիտին որ Ամերիկա պիտի ուզէ՞ր գործակցիլ Ռուսաստանի հետ Մինսքի խումբէն ներս, ան զարմանալիօրէն տուաւ դրական պատասխան: Ան ըսաւ թէ բնականաբար, քանի Ռուսաստան մաս կը կազմէ այդ խումբին պիտի գործակցինք անոր հետ լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը:
Հայաստանի մէջ քաղաքագէտներ իրարու հետ համադրելով Լաւրովի դրական յայտարարութիւնը եւ Տիկին Տանֆրիտի հաւաստումը` քաղաքական լաւատես հեռանկար մը սկսան ձեւաւորել: Սակայն, չուշացաւ յուսախաբութիւնը երբ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա մեղադրեց Մինսքի խումբը իր անգործութեան պատճառով: Չուշացաւ նաեւ Լաւրովի լախտի հարուածը: Այս օրերուն Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը կ'այցելէ Պաքու` լուծելու համար տարածաշրջանային աւելի լայն խնդիրներ, որոնց նաեւ մաս կը կազմեն Լեռնային Ղարաբաղի հարցն ու Հայաստան-Ատըրպէյճան բանակցութիւնները: Պաքուի մէջ Պր. Լաւրով հարկադրուեցաւ հաճոյախօսելու Ատրպէյճանի բռնակալին: Արդարեւ, ան գրեթէ բառացիօրէն կրկնեց այն գաղափարները, զորս Ալիեւ յայտնած էր Մինսքի խումբին մասին: Ան ըսած էր որ Մինսքի խումբը չկարողացաւ Ղարաբաղի խնդիրը լուծել 28 տարուան մէջ բանակցութիւններ կատարելով, մենք զայն լուծեցինք պատերազմով. հիմա արդէն այլ իրավիճակ է եւ Հայաստան պէտք է հաշտուի այս նոր իրավիճակին հետ: Մինսքի խումբը մեռած է:
Գալով Լաւրովին ան ըսաւ. ՙԱյն առաջարկները, որոնք եղած են, եւ որոնք երկար տարիներ քննարկուած են` առանց տեսանելի արդիւնքներու, կորսնցուցած են իրենց այժմէականութիւնը: Պատահած իրադարձութիւնները մեր ետին թողուցին այդ փաստաթուղթերը, ասիկա ուղղակի առարկայական իրականութիւնն է ... Մինսքի խումբը` ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահներուն նախաձեռնութեամբ դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՚: Աւելի հաճելի երաժշտութիւն կարելի չէր ընծայել Ալիեւի ականջներուն:
Կը պարզուի ուրեմն, որ ոչ միայն պէտք չէր համադրել Լաւրովի երեւանեան յայտարարութիւնները Տանֆրիտի հաստատումներուն հետ, այլ պէտք է հակադրուէին անոնք: Որովհետեւ Ամերիկայի մասնակցութիւնը ոեւէ գործընթացի, Կովկասի մէջ, կը սպառնայ ռուսական ազդեցութեան. եւ հետեւաբար Ռուսաստան պէտք է չէզոքացնէ այդ նկրտումները, հոգ չէ թէ անկէ տուժեն Լեռնային Ղարաբաղի հեռանկարները այդ քաղաքականութեան հետեւանքով:
Ինչո՞ւ ռուսական այս դիմափոխութիւնը: Սերկէյ Լաւրով վերջին շրջանին լծուած է հեւքոտ քաղաքականութեան մը, ոստոստելով Անքարայէն Պաքու, Պաքուէն Երեւան եւ անկէ Թեհրան, որովհետեւ Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներն ու ճնշումները նոր քայլերու առաջնորդած են Մոսկուան:
Այս մաքոքային ճամբորդութիւնները թելադրուած են երկու նպատակներէ` ա) այն պահուն որ Մոսկուա ռազմականօրէն մխրճուած է Ուքրանիոյ մէջ, բոլորովին անընդունելի է անոր համար երկրորդ ճակատ մը. ի վերջոյ Կովկասի մէջ իրար կը հակադրուին Թուրքիա եւ Իրան, իսկ միւս կողմէ` Հայաստան եւ Ատրպէյճան: Ոեւէ բախում այս տարածաշրջանին մէջ, Ռուսաստանը յանձնառու պիտի դարձնէ երկրորդ ռազմական միջամտութեան: Բ) միւս պատճառը այն է որ Ռուսաստանի դիմաց փակուած են առեւտուրի դուռները Արեւմուտքի հետ: Հետեւաբար, ան պարտաւոր է նոր գործակիցներ գտնել աշխուժացնելու համար իր առեւտրական յարաբերութիւնները այլ շրջաններու մէջ:
Պաքուի մէջ – ուր նոր պայմանագիրներ կնքուեցան – շռայլ էին Լաւրովի յայտարարութիւնները Ատրպէյճանի եւ անոր իշխանութեանց նկատմամբ:
Այսպիսով Ռուսաստան կը փորձէ հեռացնել Մինսքի խումբը Կովկասէն, անոր հետ նաեւ Արեւմուտքը եւ պիտի ջանայ կենդանացնել 3+3 ձեւաչափը ուր Ռուսաստան, Թուրքիա եւ Իրան պիտի ընդգրկեն Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ատրպէյճանը` իրենց կամքը պարտադրելով այս վերջիններու վրայ: Վրաստան արդէն կը մերժէ մաս կազմել այդ ձեւաչափին. Հայաստան համաձայնած էր ակամայ մասնակցիլ անոր: Սակայն, այսօր կրնայ կտրուկ կերպով մերժել իր մասնակցութիւնը այդ ձեւաչափին, որովհետեւ այս անգամ իր ետին պիտի ունենայ Արեւմուտքը որ շահառումներէն մէկն է այս առեւտուրին մէջ:
Ահաւասիկ հանելուկ մը որ անելի կը մատնէ Զանգեզուրի միջանցքը: